ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ պատմութեան թանգարանին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին տեղի ունեցաւ ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 20ամեակին նուիրուած նամականիշներու հրապարակումը: Առաջին նամականիշին վրայ պատկերուած է Հայաստանի դրօշն ու զինանշանը, իսկ երկրորդին վրայ՝ ԼՂՀ դրօշն ու զինանշանը: Իւրաքանչիւր նամականիշի տպաքանակն է 40 հազար:
Պաշտօնական արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Հայփոստ»ի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնակատար Հայկ Աւագեանը, որ նշեց, թէ այդ նամականիշները «ճամբորդելու են աշխարհով մէկ, դառնալու են հայութեան միասնականութեան վկաներն ու դեսպանները»: