Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գեւորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2011-2012 տարեշրջանի բացումը:
Հանդիսութեան ներկայ էին միաբաններ, ճեմարանի դասախօսական կազմն ու պաշտօնէութիւնը, սաներ եւ ծնողներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ճեմարանի տեսուչ Գէորգ վրդ. Սարոյեանը, ապա ճեմարանականներու կատարումով հնչեցին ազգային եւ հոգեւոր երգեր:
Արարողութեան աւարտին ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Այս տարի Գեւորգեան հոգեւոր ճեմարան ընդունուած է 12 սան. նոյնքան ուսանող ընդունուած է Սեւանի «Վազգէնեան» դպրանոց: «Գեւորգեան» ճեմարանի ուսանողութեան ընդհանուր թիւը 121 է, իսկ հոն կը դասաւանդեն 17 կղերական եւ 27 աշխարհական դասախօսներ:
Ճեմարանին մէջ կը գործէ նաեւ քահանայից լսարան մը, ուր կ՛ուսանին բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող 15 անձեր: Այս տարի կը նախատեսուի բանալ քահանայից մէկ այլ լսարան: