ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Պաշտօնական տուեալներով, Հայաստանի բնակչութեան կէսէն աւելին՝ մօտաւորապէս 53 տոկոսը, կին է, սակայն անպաշտօն տուեալներով՝ այդ թիւը կը հասնի 60 առ հարիւրի։ Հակառակ այս համեմատութեան, կիները հաւասարապէս չեն ներկայացուած հասարակական ու առաւել եւս՝ քաղաքական կեանքէն ներս։
Այն իրողութիւնը, որ խորհրդարանի 131 երեսփոխաններէն 12ը միայն կին են եւ Հայաստանը ունի միայն երկու կին նախարար )մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարները), կրնայ փաստել, թէ այրերու աշխարհէն ներս կիները տեղ չունին։
Շիրակի մարզին մէջ կին ղեկավարներուն թիւը եւս փոքր համեմատութիւն կը կազմէ. այսպէս՝ համայնքի երկու կին ղեկավար եւ աւագանիի ո՛չ մէկ կին անդամ։ Շիրակի մարզպետարանին մէջ կին ղեկավարներուն թիւը ընդամէնը 5 է։ Նաեւ, Գիւմրիի մէջ գործազուրկներու 70 տոկոսը կին է։ Գիւմրիի մէջ արմատացած է այն տեսակէտը, թէ կինը պէտք է իր ժամանակը անցընէ երեխաներու խնամքով։
Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի սահմանադրութեամբ յստակ կերպով սահմանուած է, թէ կիներ ու այրեր հաւասար իրաւունքներ ունին, կացութիւնը իրողապէս այդպէս չէ: