ՄՈՍԿՈՒԱ.- ԵԱՀԿի Հակամարտութիւններու կանխարգիլման կեդրոնի տնօրէն, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի նախկին տեղակալ, լեհ դիւանագէտ Ատամ Քոպերացքի, նախքան Մոսկուա իր այցելութիւնը, ռուսական «Մոսքովսքիէ Նովոս»չջ օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն վրայ ճնշումներու շարունակութիւնը շատ կարեւոր է։
«Շփման գիծին վրայ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը մեծապէս կ՛անհանգստացնէ մեզ. միայն այս տարի մահացու 20 միջադէպ արձանագրուած է։ Յատկապէս լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն խաղաղ բնակչութեան շարքերուն զոհերու վերաբերեալ տեղեկութիւնները», ըսած է Քոպերացքի, յիշեցնելով, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահը Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին կողմերուն կոչ ուղղած էր արձակազէնները հեռացնելու շփման գիծէն։
«Ես կը ցաւիմ, որ կողմերը մինչեւ հիմա կեանքի չեն կոչած այս տարի Սոչիի մէջ շփման գիծի վրայ միջադէպերը հետաքննելու մասին գոյացած համաձայնութիւնը։ Կ՛ենթադրեմ, որ շատ կարեւոր է երկու կողմին վրայ ալ ճնշումները շարունակել, եւ այդ առումով՝ կ՛ողջունեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն աջակցելու համար Ռուսիոյ նախագահին անձնական մասնակցութիւնը», ըսած է լեհ դիւանագէտը։