ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբերին, Մոսկուայի մէջ ընդունած է Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը՝ վերջինիս խնդրանքով:
Երկու պաշտօնատարներու հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են անդրկովկասեան խնդիրներու շուրջ, որոնց շարքին արծարծուած է նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցը: