ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սիրելի թոռնիկ, յստակ չենք գիտեր, թէ մուսալեռցիներէն քանի՞ հոգին Մուսա լեռ կը վերադառնայ, որովհետեւ յաղթական լեգէոնականներէն շատեր, երբ ֆրանսական բանակներուն հետ Կիլիկիա կը հասնին, անկախութեան երազը իրենց սրտերուն, անոնք ֆրանսական իշխանութեան կողմէ բիրտ վերաբերումին կ՛արժանանան եւ յուսահատ կը ցրուին եւ կը դիմեն դէպի իրենց երկիրները, իսկ մուսալեռցիները, կ՛երթան եւ կը հաստատուին Մուսա լեռ եւ նամակներ կը գրեն Փոր Սայիտի իրենց սիրելիներուն, յորդորելով անոնց, որ հայրենի տուն վերադառնան: Զինադադարէն օգտուելով, Մուսա լեռ կը վերադառնան նաեւ, ողջ մնացած տարագրեալ պիթիասցիներ, հաճիհապապլիցիներ եւ քապուսիացիներ:
Վրանաքաղաքի մուսալեռցիներու առաջին կարաւանը, 300 հոգի, 1919ի Յուլիսի վերջաւորութեան, իրենց նիւթական միջոցներով ճամբայ կ՛ելլէ եւ նաւը խարիսխ կը նետէ Որոնդէս գետին մօտ. անոր կը հետեւի երկրորդը, 1200 հոգի, իսկ մնացեալները, ֆրանսացիները կը փոխադրեն Իսկենտերունի ճամբով:
Ըստ 1922ի մարդահամարի տուեալներուն, Մուսա լերան վեց գիւղերու բնակչութեան թիւն էր 4598 անձ, հետեւեալ բաժանումներով՝ Եօղուն Օլուք՝ 1105, Խըտրպէկ՝ 929, Հաճի Հապիպլի՝ 910, Պիթիաս՝ 740, Քեպուսիէ՝ 474, Վագըֆ՝ 440:
Պապենական տան կարօտը սրտին, մուսալեռցին, երբ ոտք կը դնէ հայրենի աւերակ տան շեմին, մեծ անակնկալի առջեւ կը գտնէ ինքզինք, ի տես համատարած աւերումին, խոպանացած պարտէզներուն, ամայացած շէներուն: Մուսա լերան լանջերուն, երբեմնի շէնշող գիւղերը, այսօր ոչ միայն տխուր պատկեր մը կը պարզէին, այլ չկային ոչ ուտելիք եւ ոչ ապահովութիւն: Ամէնուրեք թուրք եւ ալաուի դատարկապորտներ եւ չեթէններ, որոնք յաճախակի բախումներով ֆրանսական զօրքերուն հետ, վախի եւ անապահովութեան մթնոլորտ կը ստեղծէին:
Անօթութիւն, չքաւորութիւն եւ այդ տարուան բնութեան արհաւիրքը՝ համատարած ձիւնը, Անտիոքի հետ հաղորդակցութեան բոլոր ճամբաները կը փակէ: Անօթութենէն սմքած մուսալեռցին, տունը նստած, անպաշտպան, անոր ոսկորները կը դողան ու կը սառին, փշրուած դրան եւ պատուհանի խորշերէն հարուածող ցրտաշունչ քամիներէն:
Անօթութիւնը դարմանելու համար, Դլեան պապուկը, դառնալով եղբօրը կ՛ըսէ. «Աղբար, աղբար. այս պիւղ ուրեյր պըրանցնեն, վէյղ չո՞ւց պըր կիշտացնընք զաս չուճըքնէն, արի, բակլու ցանընք ու ուտիլայ կը շինընք» (Եղբայր, եղբայր, այս պաղ օրերը պիտի անցնին, վաղը ինչպէ՞ս պիտի կշտացնենք այս փոքրիկները. եկուր բակլայ ցանենք եւ կերակուր կը շինենք):
Սիրելիս, մուսալեռցին, վարժուած է դժուարութիւնները յաղթահարելու. պահ մը երեւակայէ, ափ մը ժողովուրդ, յիսուն եւ աւելի օրեր, Մուսա լերան գագաթին կեանքի եւ մահուան պայքար մղելէ ետք, չորս երկար տարիներ տապլտկելով, Փոր Սայիտի թէժ աւազուտքին վրայ, աչքերը կը բանայ Մուսա լերան լանջերուն, փշալից, խոպանացած պարտէզներուն, դատարկուած եւ կիսակործան տնակներուն առջեւ:
Հոս, սիրելի թոռնիկ, կ՛ուզեմ վերյիշել Գիւգիւր պապուկին շրթներուն վրայ ծաղկող հետեւեալ պարզ նախադասութիւնը, որուն մէջ կը խտանայ ամբողջ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը. «Տուղայ, տուղայ, ըսսու փիտատէն ու թիանէն տաքուէն իշիլի չէու կըշտանում, անընք ընծի կէու ըրվընուն մըկ-մըկ իսկը ճաղկութնայ» (Տղայ, տղայ, այս բրիչի եւ բահի կոթերը նայելէն չեմ կշտանար, անոնք ինծի կ՛երեւին մէյ-մէկ ոսկիէ ձողեր):
Եւ իրապէս, սիրելի թոռնիկ, Դլեան պապուկներուն լիաբուռն սերմանած սերմերը եւ Գիւգիւր պապուկներուն բահով ու բրիչով փորուած տաբաստանները, շուտով կը կանաչնան եւ պարտէզներուն մէջ սերմանած սերմերը կ՛աճին եւ վերստին Մուսա լերան գիւղերը կը ծաղկին եւ շատերուն նախանձը կը գրգռեն: Նշանին, Մինակին եւ Հեթումին սրճարաններէն խորովածի ծուխն ու երգերը կը բարձրանան, սօսիին շուրջ տաուլ զուռնան կը հնչէ, բարեկենդանին, կալերուն վրայ նշանուած աղջիկները ամօթխած կը պարեն, կրկին կը բացուին ուրախութեան սեղաններ եւ երեկոյեան սարբինային տակ նստած մուսալեռցին, օղիի գաւաթին դիմաց օրուան խոնջէքը կ՛առնէ:
Մուսալեռցին չի մոռնար նաեւ իր հերոսները, որոնք նահատակուեցան Մուսա լերան հերոսամարտին: 1919ին, երբ անոնք Փոր Սայիտէն կը վերադառնան, նոյն տարին կը տօնեն 18 նահատակներուն յիշատակը, պատարագով եւ մատաղով, իսկ 1930ին, կ՛որոշուի յուշարձան-կոթող մը բարձրացնել Տամլաճըգի բարձունքին: Երբ աշխատանքները կը վերջանան, 1932ին, մեծ հանդիսութեամբ կը կատարուի անոր բացումը, որուն ներկայ կը գտնուին ֆրանսական Արեւելեան նաւատորմի ընդհանուր հրամանատար՝ ծովակալ Ժուպեր, գնդապետ Հիւկընէ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ. անոնք Տամլաճըգի գագաթին, մուսալեռցիներուն կողմէ կը դիմաւորուին տաուլ զուռնայով եւ ծափերով: Ապա տեղի կ՛ունենայ պատշաճ յայտագիր. նախ խօսք կ՛առնէ Մովսէս Տէր Գալուստեան, ապա յուշարձանի յանձնախումբին կողմէ կը խօսի Ս. Թոսունեան, իսկ ֆրանսական պատուիրակութեան՝ գնդապետ Հիւկընէ եւ ծովակալ Ժուպեր:
Սիրելի թոռնիկ, երբ այսպէս մուսալեռցին լծուած էր կերտելու Նոր Մուսա Լեռ մը, անդին Ֆրանսան եւ Անգլիան կը սակարկէին Օսմանեան կայսրութեան երկիրները բաժնուելու. այդ օրերուն, հակառակ Ֆրանսայի ընդդիմութեան, Յունուար 8, 1937ին, տեղի կ՛ունենայ Անտիոքի մեծ ցոյցը, որուն կը մասնակցին մուսալեռցիներ, քեսապցիներ, արաբներ, յոյներ եւ ալաուիներ: Անոնք կ՛անցնին «Թուրիզմ» պանդոկին առջեւէն, ուր կը գտնուէին ֆրանսացի պատասխանատուները, պոռալով. «Կեցցէ Սուրիան, կեցցէ Ալեքսանտրեթի ինքնավար Սանճագը, կեցցէ Ֆրանսան»:
Ֆրանսան որոշած էր Ալեքսանտրեթը թուրքերուն յանձնել, եւ երբ գնդապետ Գոլեն կը ստանձնէ փոխկառավարիչի պաշտօնը, առաջին գործը կ՛ըլլայ փոխել Աելքսանտրեթի անունը եւ զայն կը կոչէ Հայթայ եւ 1939ին, երեսփոխանական ժողով գումարելով, քուէարկել կու տայ հետեւեալ բանաձեւը. «Թէ կ՛ուզէ՞ք Հայթայ ինքնավար պետութիւնը թուրքիոյ միացնել», եւ քանի որ երեսփոխաններուն մեծամասնութիւնը թուրքեր էին, Հայթայը կր միացուի Թուրքիոյ: Ալեքսանտրեթ, որ 1938ին Սուրիայէն անջատուած էր եւ ինքնավար նահանգ հռչակուած, Հայթայ անունով, 1939ին Թուրքիոյ կը միացուի:
Այս առիթով, Ալեքսանտրեթէն 30 հազար հայեր կը գաղթեն եւ կը հաստատուին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Գաղթողներուն մէջ էին նաեւ մուսալեռցի վեց գիւղերու բնակչութիւնը:
Սիրելի թոռնիկ, հոս կանգ կ՛առնենք: Եկող Շաբաթ օրուան «Ասպարէզ»ին մէջ, դուն պիտի կարդաս 3-4 Սեպտեմբեր, 2011ին կայացած Մուսա լերան հերոսամարտի 96րդ տարեդարձի տօնակատարութեան մասին: Սիրելիս, «Փաշայեան» դաշտը այդ երկու օրերուն ընթացքին, տօնական երեւոյթ կը պարզէր, ներկայ էին 1000է աւելի մուսալեռցիներ, բարեկամներ եւ հայրենակիցներ: