«ԱՍՊԱՐԷԶ»
(Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումի 20Ամեակի Առիթով)
Իւրաքանչիւր հայ մարդ հպարտութեան անխառն զգացումներով է որ այսօր կը տօնախմբէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակը։ Ոչ ոք չի կրնար դոյզն չափով իսկ կասկածի տակ առնել սփիւռքահայ թէ հայրենաբնակ հայ մարդու նուիրումն ու սէրը հայրենիքին ու անոր անկախութեան գաղափարին նկատմամբ։ Խորհրդային ամբողջատիրութեան ծանր տարիներուն, սփիւռքահայութիւնը հաւատարմօրէն փայփայեց եւ սերունդներուն մէջ վառ պահեց անկախութեան գաղափարը ու սրբութեան նման պահպանեց անոր նուիրական խորհրդանիշները։ Նոյն ոգին՝ համատարած կերպով վերապրեցաւ նաեւ հայրենիքին մէջ, ուր մեր աննման ժողովուրդը իր ցուցաբերած աննկուն կամքին շնորհիւ կարողացաւ 1991ին վերականգնել Հայաստանի անկախութիւնը։
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակը համաժողովրդային նուաճումներու տօնախմբութեան եզակի առիթ է։ Ո՛չ մէկ խօսք այդ մասին։ Բազմաթիւ նուաճումներ ու յաջողութիւններ այսօր կը զարդարեն 20ամեայ մեր անկախ պետականութեան ուղին, որոնց առինքնող բարձրակէտը կարելի է համարել Արցախի ազատագրումը՝ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան ստեղծումը։
Այդ նուաճումներուն կողքին, սակայն, երբ մեր ժողովուրդը այսօր կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ եւ տագնապներ, անարդարանալի պիտի ըլլայ ջայլամի նման գլուխնիս խռել հողին մէջ ու չտեսնել մեր անկախ հայրենիքին եւ ժողովուրդին անվտանգութեան հարուածող ու ապագայի շնչառութիւնը խցանող երեւոյթները։ Ինչպէ՞ս կարելի է չխօսիլ անոնց մասին, կամ գնահատականներ չտալ այդ իրավիճակին համար պատասխանատու քաղաքական գործիչներուն մասին, որոնք երկիրը կ՛առաջնորդեն ՍԽԱԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ, վտանգելով նոյնինքն երկրի անկախութեան հիմքերը։
Ի վերջոյ՝ 20ամեակի նշումը ինքնանպատակ չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ։
Նման հանդիսութիւնները յաւուր պատշաճի հնչած խօսքերու նեղ շրջագիծէն դուրս գալով, հարկ է որ վերածուին նաեւ ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչման առիթի ու մեզ մղեն հաշուետուութեան կարգով անդրադառնալու մեր անցած 20ամեայ ուղիին։
Եթէ 20ամեակի նշումը եւ տօնակատարութիւնները դարձակէտ պիտի չհանդիսանան ու չփոխեն մեր կեանքը, ապա մեր ապրած ժամանակաւոր հպարտութիւնը եւ զգացական զեղումները լաւագոյն պարագային իբրեւ ծխածածկոյթ կը մթագնեն մեր առողջ տեսողութիւնը, իսկ պատմութիւնը ու անոր անողոք վճիռը չեն խնայեր ոչ միայն ներկայ իրավիճակի պատասխանատուները, այլեւ մեզ՝ բոլորիս։
Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է որ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակի տօնակատարութիւնները դառնան իսկակա՛ն դարձակէտ ու փոխե՛ն մեր կեանքը։
Այլապէս՝ եթէ Հայաստանի անկախութեան 20ամեակի տօնակատարութիւններէն ետք Հայաստանէն պիտի չվերանան փտախտը, ժողովրդավարութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումները, եթէ դատական համակարգը պիտի չկարենայ նուաճել գործադիր իշխանութիւններէն իր անկախութիւնը, եթէ կարելի պիտի չըլլայ հայ մարդուն մէջ վերականգնել հայրենի պետականութեան ու երկրի ապագային նկատմամբ հաւատքը ու վերափոխել երկրի տնտեսական համակարգը՝ վերջ տալով մենաշնորհներու վրայ հաստատուած տնտեսական բռնութեան, եթէ կարելի պիտի չըլլայ երկրին մէջ վերահաստատել սոցիալական արդարութիւնը, վերացնել աղքատութիւնը, կասեցնել արտագաղթը, ապա, ափսո՛ս, անգամ մը եւս կը կորսնցնենք պատմական պահը ու 20ամեակը չի դառնար դարձակէտ եւ մեր կեանքը փոխելու մեկնակէտ։
Եթէ Հայաստանի ու Արցախի մեր զոյգ հանրապետութեանց անկախութեան 20ամեակի տօնակատարութիւններէն ետք կարելի պիտի չըլլայ երաշխաւորել ԼՂՀի Սահմանադրութեամբ իսկ ճշդուած տարածքներուն վրայ Արցախի հողային ամբողջականութեան ամրագրումը ու վերջ տալ տարածքներ զիջելու պարտուողական տրամադրութիւններուն եւ վերջապէս՝ եթէ արդէն իսկ ուշացած քայլով մը ՀՀ նախագահը ետ պիտի չվերցնէ Հայաստանի ստորագրութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններէն, ապա 20ամեակի առիթով ամէն տօնախմբութիւն կը դառնայ իսկապէս ինքնանպատակ ու կը սպառի լոկ յաւուր պատշաճի արտասանուած խօսքերու մշուշին մէջ։
Ի վերջոյ հարց կու տանք՝ ե՞րբ պիտի դադրին Հայաստանի նախագահը, նախագահութիւնը, պետականութիւնն ու հանրապետութիւնը սեփհականաշնորհելու փորձերը։ Ե՞րբ պիտի կարենանք համազգային խորք ու բովանդակութիւն հաղորդել 20ամեայ մեր անկախ պետականութեան։ Եթէ Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, ապա պէտք է յիշել նաեւ՝ որ Հայաստանը բովանդակ հայութեան հայրենիքն է, հետեւաբար, ամէն հայ մարդ՝ անկախ իր բնակութեան վայրէն՝ համահաւասար իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը ունի պատասխանատու խօսք ըսելու հայրենիքին ու անոր ճակատագրին գծով։