
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Աւելի քան 450 հազար ցուցարարներ մասնակցեցան Իսրայէլի մէջ ընկերային արդարութիւն պահանջող Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3ի հերթական բողոքի ցոյցին, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն էր։
Գլխաւոր բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Թել Աւիւի մէջ, ուր շուրջ 300 հազար ցուցարարներ մասնակցեցան քայլարշաւի մը։ Երուսաղէմի մէջ, աննախադէպ երեւոյթով մը, մօտաւորապէս 50 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան, ինչ որ այս ամառ այդ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած նախորդ ցոյցերուն մասնակիցներու թիւին կրկնապատիկն էր։ Հայֆայի մէջ բողոքի ցոյցերուն մասնակիցներուն թիւն էր 40 հազար, Աֆուլայի մէջ՝ 12 հազար, Ռոշ Փինայի մէջ՝ 7 հազար, Քիրիաթ Շեմոնայի մէջ 7 հազար։
Կազայէն արձակուող հրթիռներուն վտանգին պատճառած մտահոգութիւնը նկատի ունենալով՝ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլեց Պիր Շեւայի, Աշտոտի եւ Աշքելոնի մէջ նախատեսուած ցոյցերը։