ՄՈՍԿՈՒԱ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕի հակահրթիռային վահանէն տարրերու տեղակայման վերաբերեալ։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ՆԱԹՕի հակահրթիռային համակարգին Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ չի փափաքիր Ռուսիան նկատել Եւրոպայի մէջ հրթիռային հնարաւոր վտանգներու դէմ պաշտպանութեան հարցին մէջ հաւասար գործընկեր։
Աւելի ուշ, թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ռուսական «Թրանսնեֆ»չ ընկերութիւնը Սամսոն-Ճէյհան քարիւղատարը «տնտեսապէս ձեռնտու» նախագիծ չէ նկատած եւ այդ պատճառով սառեցուցած է այդ գծով բանակցային հոլովոյթը, մինչեւ որ Թուրքիա նախագիծը նպաստաւոր դարձնելու պայմաններ ստեղծէ:
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմատ Ուահիտի եւս քննադատեց Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային վահանի համակարգէն ռատարի մը տեղակայումը, յայտնելով, որ Թեհրան իր ազգային շահերուն դէմ որեւէ ոտնձգութեան դէմ լուռ պիտի չմնայ: «Մենք շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքին ներկայութիւնը մտահոգիչ եւ վնասակար կը նկատենք», աւելցուց ան:
Մինչ այդ, թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ ռատարը շատ հաւանաբար տեղադրուի Տիգրանակերտ նահանգին մօտ գտնուող Փիրինչլիք գիւղին մօտերը, ուր օդուժի մարտավարական կեդրոնը կայ, որ մինչեւ 1998 Միացեալ Նահանգներու կողմէ օգտագործուած է: Կը նախատեսուի զօրանոցին մէջ ամերիկեան «Փաթրիո»չ տիպի հրթիռներ եւս տեղադրել։ Նման հրթիռներ Տիգրանակերտի մէջ տեղադրուած էին Ծոցի պատերազմին ընթացքին, սակայն պատերազմէն ետք անոնք Միացեալ Նահանգներ վերադարձուեցան։