
– Իսրայէլ կը յայտնէ, որ 40 իսրայէլացիներ Պոլսոյ օդակայանին մէջ որոշ ժամանակ ձերբակալուած են եւ հարցաքննութեան ենթարկուած անցնող շաբաթավերջին։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը յայտնէ, որ անոնք աւելի ուշ ազատ արձակուած են։ Թրքական լրատուամիջոցներ եւս հաղորդեցին, որ անցնող շաբաթավերջին Իսրայէլ ճամբորդած թուրքեր իսրայէլեան օդակայանին մէջ վատ վերաբերմունքի արժանացած են։
– Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներ Տերսիմի մէջ թուրք ոստիկաններու դէմ յարձակում գործած են, երբ վերջիններս մարզադաշտին մէջ ֆութպոլ կը խաղային։ Յարձակումին պատճառով սպաննուած են թուրք ոստիկանապետ մը եւ անոր կինը, որ մարզադաշտին մէջ կը գտնուէր մրցումը դիտելու համար: Վիրաւորուած են նաեւ 8 թուրք ոստիկաններ, որոնցմէ երեքին վիճակը ծանր է։
– «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու դատախազութեան կողմէ իր դէմ դատական գործը փակուելէն ետք, Դրամական միջազգային հիմնադրամի նախկին ղեկավար Տոմինիք Սթրոս Քան վերադարձած է Փարիզ: