ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս Մոնթրէալէն ստացայ գանատահայ բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի «Ցոլքեր» խորագիրով նոր լոյս տեսած քանդակներու գեղատիպ հատորը՝ ուրախութեամբ, նոյնքան ալ հպարտութեամբ:
Ո՞վ է տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեան քանդակագործը: Ինքնածին որոշեցի գրել իր մասին, ամբողջ էութիւնս պատող այն հաստատ համոզումով, որ ան իր այս արուեստի ձիրքով եւ տաղանդով անպայմանօրէն դարձած է ճանչցուած քանդակագործ:
Առանց ձրի գովասանքներու մէջ մխրճուելու, համեստօրէն ներկայացնելով Մկրտիչ Տարագճեան բժիշկ-արուեստագէտ-քանդակագործը, ըսեմ, որ ան եղած է Հալէպի բազմամարդ դրացիներով խճողուած մեր բակի բնակիչներէն մէկը:
Իբրեւ բարի, պարկեշտ, հաւատարիմ եւ հաշտ դրացնութեան մթնորոտի մէջ մեծցած անձեր, մենք տարիներով միասին ապրեցանք մեր մանկութեան եւ վաղ պատանութեան տարիները: Դրացի միւս փոքրերուն հետ միասին նոյն բակին մէջ բաժնեցինք ամէն ուրախութիւն եւ ցաւ, ծնցութիւն եւ դառնութիւն՝ հաւասարապէս:
Հալէպ, ապա Գանատա:
Լաւատեղեակ եմ, որ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեան, նուիրաբերած իր մեծ ժամանակին կողքին, ստեղծած է նաեւ ընտանեկան երջանկութեան ժամանակը՝ ամուսնանալով դարձեալ Հալէպի ճեմարանական, նախկին իմ աշակերտուհիներէն եւ ներկայիս բժշկուհի Սալբի Յակոբեանի հետ:
Տարագճեան, կրնամ վկայել նաեւ, որ նախակրթարանի եւ ապա «Ճեմարան» յաճախած դպրոցական իր տարիներուն, արդէն բակի եւ նոյնիսկ ամբողջ թաղի բոլոր փոքրերէն, պատանիներէն աւելի ակնառու էր իր մէջ գտնուող եւ հետզհետէ աճող տարբեր տաղանդի մը խմորումով:
Կը սիրէր գծել, նկարել: Այդ օրերուն, մեր կարգին, չէինք կրնար հասկնալ, թէ արուսետը մարդու հոգիի բացայայտման ճանապարհ էր՝ ինքնաճանաչման լոյս՝ ուղղուած բոլորիս:
Մէկ խօսքով՝ կամաց-կամաց իրեն մօտ կը բացայայտուէր ստեղծագործելու անօրինակ մղումը, որ ժամանակի ընթացքին անկասկած զինք պիտի դասէր՝ տաղանդաւորներու շարքին:
Այս հատորը, որ կարելի է նաեւ ալպոմ անուանել, ունի չորս բաժիններու մէջ պարբակուած շուրջ 150 փայլուն էջեր: Իբրեւ յառաջաբան՝ անիկա ունի նաեւ արուսետի քննադատ Պեռնար Մանտըլմանի արժեւորումը՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, եւ որուն կը յաջորդէ հեղինակին նոյնպէս երկլեզու խօսք-բացատրութիւնը:
Հատորին առաջին բաժինին մէջ հրամցուած են կաւէ եւ կամ պրոնզէ շինուած 44 քանդակներու գունաւոր եւ գեղեցիկ նկարները: Երկրորդ բաժինը ունի թիւով 17 պրոնզէ դիմաքանդակներ, երրորդը՝ մանրաքանդակներ եւ գծանկարներ, իսկ վերջին բաժինով ներկայացուած են հեղինակին մասնակցած ցուցահանդէսներու նկարներն ու անոր շնորհակալական խօսքը:
Կը հաւատամ, որ արուսետի գործը նման է արտայայտուած խօսքի: Այսինքն՝ պէտք չէ, որ զայն մօտդ պահես, այլ ըսես եւ բացայայտես: Նման միւս բոլոր արուեստներուն, քանդակագործութիւնն ալ ունի իր իւրայատուկ լեզուն եւ ինքզինք արտայայտելու միջոցը: Ան այսպէս, զինք դիտողի միտքին մէջ, հեղինակին ինքնատիպ մտածողութեամբ ու մատուցմամբ հրամցուած ըսելիքներ ունի: Իր արտաքին տեսքով եւ իր անխօս բովանդակութեամբ, քանդակը ունի բազմաբնոյթ խօսքեր, որոնց մէջէն կը բացայայտուի հեղինակին տաղանդն ու կը լսուի անոր ոճին արձագանգը:
Մկրտիչ Տարագճեանի ինքնատիպ այս գործերուն մէջ կարելի չէ աննկատ անցնիլ ձեռքի անընդհատ շարժման շնորհիւ կեանքի կոչուած ստեղծագործութիւններէն, մանաւանդ «Մայեսթրօ»ն, «Սայաթ Նովա»ն, «Կոմիտաս»ը, «Պարոյր Սեւակ»ը, «Արշիլ Կորքի»ն եւ «Ուիրլեըմ Սարոյեան»ը,- եւ տակաւին շարքը երկար է,- որոնք խօսուն ներկայութիւն ըլլալէ աւելի՝ արուեստի կարեւոր արժէքներ կը ներկայացնեն:
Մէկ խօսքով՝ քանդակագործ բժիշկին բոլոր աշխատանքներուն մէջ բացայայտ կան եւ կը մարմնաւորուին մեր կեանքի իմաստն ու ուժը. անոնք ինքնատիպ ու խառն «թեքնիք»ով եւ տաղանդով շաղախուած՝ դարձած են ամբողջական, տպաւորիչ գործ ու վաւերական ներկայութիւն:
Պատահական չէ, որ իր գործերը մշակութային եւ հասարարական կազմակերպութիւններու զանազան ցուցահանդէսներու զարդը դառնալէ ետք, եղած են նաեւ կարեւոր հաւաքածոներու մնայուն ներկայութիւն:
Այսպէս են նաեւ իր մնացեալ բոլոր պրոնզէ քանդակները՝ իրենց նրբութեամբ, իւրայատուկ ոճով, արտայայտիչ կերպարով, ուժականութեամբ եւ ցցուն զգայնութեամբ:
Հատորը թղթատողը, եթէ փորձէ համբերութեամբ նայիլ եւ կամ դանդաղօրէն էջերուն վրայէն անցնիլ, անպայման, որ պիտի հիանայ Տարագճեանի մտային պրպտումին, անոր յատուկ ոճով եւ տաղանդով ձեւաւորուած մարմիններուն եւ ազնիւ կերպով արտայայտուած խորքին, նաեւ խաղաղ ներդաշնակութեամբ մը արմատաւոր հետեւողութեան վրայ, որ նաեւ հաճելի ու հոյակապ երաժշտութիւն կը փոխանցէ:
Քանդակները նաեւ կը ստեղծեն տարբեր տրամադրութիւն, որուն կողքին, մարդուն թռիչքը անցեալէն դէպի ներկայ եւ ինչու չէ նաեւ՝ ապագայ ալ կը սաւառնի՝ համադրուած եւ նոյնքան յաղթահարող:
Կը զգաս, որ հեղինակը կը շեշտէ, թէ մեր ապրած կեանքը ծրագրուած յատակագիծ մը չէ, այլ պայմանաւորուած է արտաքին աշխարհէն ստանալիք ցնցումներով եւ տպաւորութիւններու ժառանգութեամբ:
Վերջին հաշիւով, ի՞նչ է արուսետագէտին գերագոյն նպատակը, եթէ ոչ հոգեկան բարձր վայելքը իր աշխատանքին եւ արդար քրտինքով հրամցուցած արուեստին՝ յատկապէս անոնց լայնախոհ եւ ողջամիտ մօտեցուներով ու փնտռտուքներով:
Տակաւին «Ցոլքեր»ուն մէջ կը հանդիպինք հայկական դիմագիծի պահպանման ակունքէն ծնունդ առած, կոփուած սրտով եւ տոգորուած զգացումներով մէջտեղ բերուած քանդակներու, որոնք անպայմանօրէն մաս կը կազմեն ժամանակակից մեր պատմութեան:
Վստահ եմ, որ արուեստագէտ Տարագճեանը, եթէ իր հաւատքը, ուրախութիւնն ու վիշտը չդնէր իր գծանկարներուն եւ քանդակներուն մէջ, ապա այս տպաւորութիւնն ու անդրադարձը պիտի չունենար ոչ միայն իմ վրայ, այլ նոյնպէս՝ արուեստի քննադատներուն:
Ուրախութեամբ յիշեմ, որ իր քանդակներու ցուցադրութիւնը եւ նշեալ գիրք-ալպոմին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էին Երեւանի մէջ, անցած Յուլիս 9ին, Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կազմակերպութեամբ:
Եւ աւելին՝ տակաւին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը զինք հրաւիրած է, Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեակի առթիւ կազմակերպուած յոբելինական մշակութային միջոցառումներուն ծիրէն ներս կազմակերպուելիք ցուցահանդէսին իր գործերը ներկայացնելու Սեպտեմբեր 15ին:
Բժիշկ Տարագճեան ոչ միայն սիրով ընդառաջած է այս բարձր հրաւէրին, այլեւ հատորի էջ 85ի վրայ ցուցադրուած «Վերջապէս Ազատութիւն» քանդակը, որ կը խորհրդանշէ դարաւոր ազատազրկման վերջը, որոշած է նուիրել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան: Լաւատեղեակ եմ նաեւ, որ ան գալ տարի Հայաստան պիտի ուղարկէ նոր քանդակ մը՝ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115 ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան առթիւ բանաստեղծի տան-թանգարանին մէջ տեղադրուելու համար:
Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ արուեստագէտ բժիշկը, իր զանազան քանդակներով կ՛արտացոլացնէ իր ժամանակի մշակութային կեանքը գեղեցիկ վերածնունդի ոճով եւ կեանքի ներդաշնակ շարունակութեամբ, մանաւանդ՝ յոյսով:
Ներկայիս իր քանդակները կը գտնուին Մոնթրէալի Galerie Dart Emeraude-ի մէջ:
Ինծի նման արուսետը քաջալերողներուն կ՛իյնայ շնորհաւորել մեր սիրելի բժիշկ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանը, ըսելով՝ Վարձքդ կատար: