ԷæՄԻԱԾԻՆ, «Փանորամա».- Օգոստոս 31ին, Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական մարմինի եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան մասնակիցները՝ առաջնորդութեամբ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի ԱԳՆ նախարարի տեղակալները եւ նախարարութեան ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Հանդիպման ընթացքին, նախարարը շուրջ յիսուն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն եւ գլխաւոր հիւպատոսներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընդունելութեան համար՝ վերահաստատելով բոլորին սէրն ու յարգանքը հանդէպ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցիին, եւ հայցելով Ամենայն հայոց հայրապետին պատգամը:
Այնուհետեւ խորհրդակցութեան մասնակիցներուն իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները յայտնեց Գարեգին Բ. վեհափառը: Ողջունելով դիւանագէտներուն այցը Ամենայն հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ ան գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպման նախաձեռնութեան առթիւ:
Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին հաղորդումով, վեհափառը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է դիւանագէտներու կարեւոր ծառայութեան, որ ուղղուած է հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան, տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ազգապահպանութեան խնդիրներու լուծման: Նորին սրբութիւնը հաստատած է, որ հովուապետական իր այցելութիւններուն ընթացքին, ան տեսած է ՀՀ դիւանագէտներու կատարած աշխատանքը եւ ուրախացած, որ հայրենի երկիրը միշտ աշխարհասփիւռ իր զաւակներուն կողքին կանգնած է:
Էդուարդ Նալբանդեան, դիւանագէտներուն անունով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը շնորհաւորած է՝ իր ծննդեան 60ամեակին առթիւ, եւ անոր փոխանցած է ԱԳ նախարարութեան յուշամետալը: