ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան եւ Չինաստանի Հանրապետութեան

պետական խորհուրդի առաջին փոխվարչապետ Լի Քեցեան Օգոստոս 24ին, Պէյժինկի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով խորացնելու վերաբերեալ հարցեր: Երկուստեք արձանագրելով յարաբերութիւններու զարգացման դրական ընթացքը՝ կողմերը վստահութիւն յայտնած են, որ համատեղ աշխատանքի շնորհիւ, հնարաւոր պիտի ըլլայ նոր թափ հաղորդել հայ-չինական համագործակցութեան:
Նշուած է, որ երկու երկիրներուն կառավարութիւնները մեծ աշխատանք իրականացուցած են՝ փոխգործակցութեան եւ բարեկամական կապերու զարգացման ամուր հիմք ստեղծելու համար: Բարձր գնահատուած է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղած է վերջին տարիներուն երկկողմ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններուն, որոնք նպաստած են յարաբերութիւններու զգալի աշխուժացման: Կարեւոր համարուած է փոխայցերու յաճախակիութիւնը, որ հնարաւորութիւն կու տայ յարաբերութիւններու սահուն զարգացման:
Քննարկուած են շարք մը ոլորտներու մէջ համատեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները ընդլայնելու, յատկապէս հայկական արտադրանքը Չինաստան արտահանելու հնարաւորութիւնները: Անդրադարձած են հայ-չինական առեւտրատնտեսական միջկառավարական յանձնաժողովի՝ այս տարուան Ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած 6րդ նիստին, եւ հայ-չինական գործարար համաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն: Ա. Գէորգեան տեղեկացուցած է, որ հայ-չինական համագործակցութեան առնչուող հարցերը ուսումնասիրելու, գործակցութեան խնդիրներու լուծման աշխատանքները արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով, ՀՀ վարչապետին որոշումով ստեղծուած համակարգող խորհուրդը ե՛ւս իր ներդրումը պիտի ունենայ երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու խթանման գործին:
Երկկողմ շփումներու աշխուժացման համաթեքսթին մէջ կարեւոր համարուած են նաեւ կանոնաւոր ու ուղիղ օդային հաղորդակցութեան հաստատումը, անցագրային վարչաձեւի պարզեցումը եւ զբօսաշրջութեան զարգացման հարցերը: Ա. Գէորգեան նշած է, որ այս տարուընէ սկսեալ, քայլերու ձեռնարկուած են՝ ՉԺՀ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնութեան (visa) տրամադրման գործընթացը դիւրացնելու ուղղութեամբ:
Քննարկուած են նաեւ ապակեդրոնացուած մակարդակով համագործակցութեան խորացման հարցեր: Դրական գնահատուած է Երեւանի եւ Պէյժինկի միջեւ սկսած գործակցութիւնը։ Կողմերը նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի Լոռիի մարզի եւ Չինաստանի Շանսի նահանգի միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն: Ա. Գէորգեան ՀՀ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերելու նման գործակցութեան խորացման:
Գործընկերոջ շնորհակալութիւն յայտնելով ՉԺՀ կառավարութեան կողմէ Հայաստանին շարունակաբար ցուցաբերուող ճարտարագիտական աջակցութեան համար՝ Ա. Գէորգեան տեղեկացուցած է, որ ամրան սկիզբը ստացուած շտապօգնութեան ինքնաշարժները արդէն իսկ կը ծառայեն իրենց նպատակին, իսկ Երեւանի քաղաքապետարանը արդէն կը սպասէ հանրակառքերու յատկացման ծրագիրի իրականացման:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Չինաստանի փոխվարչապետները պատրաստակամութիւն յայտնած են ջանքեր ներդնելու հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու ընդլայնման գործին: Ապա Ա. Գէորգեան, Չինաստանի իր գործընկերը հրաւիրած է այեցելելու Հայաստան: