ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական խոհանոցը, ինչպէս աշխարհի բոլոր խոհանոցները, հարուստ է

հարեւան երկիրներէն փոխ առնուած ուտեստներով: Այս նկատառումով, Օգոստոս 24ին լրագրողներու հետ հանդիպում ունեցաւ «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանը, նշելով, որ մսա-խմորային բոլոր ճաշատեսակները, որոնք մուտք գործած են եւ լայնօրէն տարածուած հայկական խոհանոցին մէջ, չունին հայկական ծագում: «Ինչպէս նաեւ՝ բաստուրման. սա նոյնպէս փոխառեալ է, քոչուոր ժողովուրդներից է անցել մեզ», նշեց խոհարարը, աւելցնելով, որ հարեւան ժողովուրդներն ալ հայերէն շատ բան ընդօրինակած են: Օրինակ՝ թոնիրը, որ ներկայիս տարածուած է շարք մը երկիրներու մէջ: «Սակայն բոլորը մի կարեւոր հանգամանք են անտեսել՝ գետնափոր լինելը», նկատել տուաւ ան, նշելով, որ շարք մը երկիրներու մէջ թոնիրները կը պատրաստուին յատակին, իսկ մեր մօտ այդ խորութիւնը յատուկ խորհուրդ ունի: Խոհարարին խօսքով, թոնիրը հայերու խոհանոցին կարեւոր բաղկացուցիչ մէկ մասը կազմած է հեթանոսական ժամանակաշրջանէն ի վեր, իսկ գետնափոր կրակը արեւի պաշտամունքը կը խորհրդանշէ: «Մեր տատերը խոնարհւում էին դէպի կրակն ու հանապազօրեայ հացը պատրաստում», բացատրեց ան:
Ս. Մամուլեան հաւաստիացուց, որ իրենք իրենց առաքելութիւնն ու նպատակները հակիրճ ներկայացուցած են իրենց կազմակերպութեան մէջ: «Մենք ցանկանում ենք օգտագործել իւրաքանչիւր հարթակ, որը հնարաւորութիւն է ընձեռում ներկայացնելու մեր խոհանոցը», նշեց ան եւ աւելցուց, որ այս առումով, հայերը ցուցադրելու եւ հպարտանալու շատ բան ունին:
Հասարակական կազմակերպութեան նպատակը հայ աւանդական խոհանոցին մոռցուած կերակրատեսակներու բացայայտումն ու ներկայացումն է, նաեւ՝ հայոց աւանդական խոհանոցին տարածումը, հայոց խոհանոցի ամրագրումը իբրեւ մշակութային արժէք եւ հայկական խոհանոցին ու հարեւան ազգերու խոհանոցներուն փոխգործակցութիւնը: