ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Օգոստոս 22ին այցելած է զինուած

ուժերու 4րդ բանակային զօրամիաւորման ենթակայութեան զօրամասերէն մէկը, ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան պայմաններուն:
Ելոյթ ունենալով զօրամասի հրապարակին հաւաքուած զինուորներուն առջեւ՝ պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է բանակին մէջ կատարուող բարեփոխումները, խօսած է հրամանատար-զինուոր փոխյարաբերութիւններու մասին:
Կարեւոր նկատելով մարտական գործողութիւններու իրականացման ժամանակ զինուորներու եւ հրամանատարներու համարձակութիւնը՝ Սէյրան Օհանեան նշած է, որ այդ համարձակութիւնը կը ձեւաւորուի միայն փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարը, մասնաւորապէս, ըսած է. «Ցանկացած բարդ իրավիճակներում մենք հասնում ենք յաջողութիւնների այն զինծառայողների շնորհիւ, ովքեր իրենց կարողութիւնները օգտագործում են համարձակ կերպով: Իւրաքանչիւր հրամանատար պէտք է գնահատի եւ յարգի իր ենթակայի համարձակութիւնը, իսկ այդ համարձակութիւնը ձեւաւորւում է անհատի անձնական արժանապատուութեան յարգումով»:
Այնուհետեւ Սէյրան Օհանեան այցելած է հայկական ու ատրպեճանական զինուած ուժերու սահմանային գիծ, զրուցած սահմանը պաշտպանող զինուորներուն հետ, ծանօթացած անոնց ծառայութեան պայմաններուն: Նախարարը հայրենիքի սահմանները պաշտպանողները պարգեւատրած է արժէքաւոր նուէրներով:
Պաշտպանութեան նախարարը հանդիպած է նաեւ Վայոց Ձորի սահմանամերձ Սէրս եւ Խնձորուտ գիւղերու բնակիչներուն, հետաքրքրուած անոնց խնդիրներով եւ խոստացած աջակցիլ սահմանամերձ այդ համայնքներու կենսական կարգ մը խնդիրներու լուծման: Նախարար Օհանեան բարձր գնահատած է Յուլիս 22ին զինուորական փոխադրակառքի արկածէն ետք Սէրս համայնքի բնակիչներու ցուցաբերած առաջին օգնութիւնը: Նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է համայնքի բուժքոյր Զինա Մինասեանին՝ վիրաւոր զինուորներուն արագ կերպով առաջին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելուն համար: