ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Իրաքի սահմանին մօտ գտնուող Հաքքիարի նահանգին մէջ, առնուազն 8 թուրք

զինուորներ եւ գիւղական պահակ մը Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17ին սպաննուած են: Վիրաւորուած են 14 ուրիշներ:
Պաշտօնատարներ եւ թրքական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ զինուորական մեքենայով շրջանէն անցնող զինուորները սպաննուած են, երբ ճամբուն եզրին զետեղուած ական մը պայթած է, իսկ անկէ ետք երկու ժամ տեւողութեամբ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յարձակումին պատասխանատու նկատած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը, որ աւելի ուշ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը։
«Անոնք մեր համբերութիւնը կը փորձեն։ Մենք նոյն ձեւով պիտի հակադարձենք», ըսած է նախա-րար Եըլմազ։
Յուլիսէն ի վեր, քիւրտ յեղափոխականներու կողմէ շղթայազերծուած յարձակումները աճ արձանագրած են՝ վերջին վեց շաբաթներու ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներուն թիւը հասցնելով 30ի: