ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանը Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17ին բացայայտեց Յունիս 30ին Լիբանանի իշխանութեանց տրուած 47 էջնոց ամբաստանագիրին մեծ մասը՝ գաղտնի պահելով միայն անոր կարգ մը բաժինները:
Բացայայտումը նորութիւններ չբերաւ, այլ պարզապէս հաստատեց, այն ինչ, որ արդէն հաղորդուած էր լիբանանեան մամուլին կողմէ, թէ՝ գլխաւոր չորս ամբաստանեալները «Հըզպալլա»ի անդամներ են եւ թէ ամբաստանութիւնը հիմնուած է անոնց հեռաձայնային խօսակցութեանց վրայ:
«Հըզպալլա», որ կասկածի տակ կ՛առնէ հետախուզութեան անկողմնակալութիւնը, կը պնդէ, թէ ամբաստանեալները պիտի չձերբակալուին, որովհետեւ անոնց դէմ անհերքելի փասեր չեն ներկայացուած:
Ատեանը Լիբանանի իշխանութիւններէն պահանջած էր 30 օրէն ձերբակալել ամբաստանեալները: Անոնցմէ ոչ մէկը ցարդ ձերբակալուած է: Գլխաւոր ամբաստանեալն է Մուսթաֆա Պատրետին, որ «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան ղեկավար մըն է:
Ըստ ամբաստանութեան, նոյն ցանցն է, որ սպաննած է Ժորժ Հաուին, իսկ նախկին նախարար Էլիաս Մըրի, երեսփոխան Մարուան Համատէի եւ այլոց դէմ մահափորձերու դիմած է: