
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- 21րդ տարին ըլլալով, Խալքիտիքիի Հայ Գթութեան Խաչի շրջանային վարչութեան ամարանոցը դարձաւ պատանիներու ժամադրավայր: Նոյն վայրէն ներս, Խալքիտիքիի Փեֆքօխոր շրջանի կանաչապատ տարածութենէն ներս, այս տարի հիւրընկալուեցան 140 հայ բանակողներ (28 Լիբանանէն, 9 Կիպրոսէն, 1 Անգլիայէն, 8 Ֆրանսայէն, 1 ԱՄՆէն, 2 Քուէյթէն, նաեւ Աթէնքէն, Սելանիկէն, Գոմոթինիէն, Տիտիմոթիխոյէն, Օրեսթիատայէն եւ Գասթորիայէն):
Հայ Գթութեան Խաչի բանակավայրը հայաշունչ այն հաւաքավայրն է ամբողջ աշխարհէն եկած պատանիներու եւ երիտասարդներու համար. անիկա առիթը կ՛ընձեռէ իրարու ծանօթանալու՝ իրենց մէջ հաւաքական կեանքի կարողութիւնները մշակելով ու մատղաշ հայ սերունդի հոգիներուն մէջ ազգային պատկանելիութեան հպարտ զգացումը զօրացնելով:
Երեք շաբթուան տեւողութիւն ունէր այս տարի ամարանոցը, իսկ բոլոր օրերուն ընթացքին գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր, որուն մէջ տեղ գտան դաստիարակչական-զուարճանքի պահեր, ծովու լոգանք, պտոյտներ, դասախօսութիւններ, երգ ու պար՝ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ:
21 տարիներէ ի վեր Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացող ամարանոցի հոգատարութիւնը, ինչպէս միշտ, ստանձնած են Խաչեան ընկերուհիները, որոնք ամարանոցի ամբողջ տեւողութեան ներկայ եղան ու հոգացին բանակող պատանիներու բոլոր կարիքները:
Ամարանոցի պաշտօնական փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յուլիս 30ին, երբ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Նուէր Նատեան-Տէրէեանը: