
ՊԷՅՐՈՒԹ, «ԱԶԴԱԿ».- Կիրակի, Օգոստոս 7ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11:30ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ «Արմէնիա» առագաստանաւի անձնակազմն ու Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանը արժանացան ժողովրդային ընդունելութեան:
Հայրենի հիւրերը դիմաւորելու եկած էին պետական նախարար Փանոս Մանճեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, գիւղի երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով այնճարցիներ:
ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը հնչեցուց լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգները, որմէ ետք հիւրերը հիւրասիրուեցան աւանդական թոնիրի հացով ու աղով, եւ Մուսայ լերան տաուլ-զուռնայի կշռոյթով բարձրացան յուշարձան-համալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին մօտ՝ ի յիշատակ Մուսա լերան հերոսամարտի մարտիկներուն: Հերոսներու յիշատակին մատուցուած աղօթքէն ետք, ներկաները այցելեցին Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական մարմինի նախագահ Յակոբ Այնթապլեան, որ ողջունեց հիւրերը՝ յայտնելով, որ «Օրը տօնական է այնճարցիներուն համար, եւ հայրենի հիւրերը կը գտնուին իրենց հարազատ տան մէջ, որովհետեւ Այնճարը փոքրիկ Հայաստան է»:
Ողջոյնի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ յայտնեց, թէ հայութիւնը միասնական ջանքերով ի վիճակի է լուծելու նոյնիսկ ամէնէն դժուար հարցերը:
Դեսպան Քոչարեանի խօսքէն ետք յատուկ պատգամով հանդէս եկաւ գրող Զօրի Բալայեան, որ անդրադարձաւ այս ծրագիրի տարբեր փուլերուն, հայ ժողովուրդի երեք հատուածներու (Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք) միասնական գործելու անհրաժեշտութեան:
Ան կոչ ուղղեց հայութեան բոլոր ուժերը համախմբելու, աւելի ամրանալու եւ նոր յաջողութիւններ արձանագրելու Շուշիի պատմական յաղթանակէն ետք:
Իսկ Երկուշաբթի, Օգոստոս 8ի առաւօտեան ժամը 10ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան եւ նաւապետ Սամուէլ Կարապետեան անդրադարձան այս խորհրդանշական առագաստանաւով կատարուած ուղեւորութեան իմաստին, նպատակին եւ տարբեր հանգրուաններուն:
Ներկաները եւ «Արմէնիա»ի անձնակազմը ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ նման նախաձեռնութիւն մը նկատեց հպարտութիւն առթող՝ դիտել տալով, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կարելի եղած է յաջողութեամբ պսակել այս ծրագիրը՝ իբրեւ պաշտօնական աւարտման կէտ ունենալով Պէյրութը:
Ապա խօսք առաւ «Արմէնիա»ի նաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս ուղեւորութեան հիմնական նպատակն էր՝ հաստատել «Ծովից ծով Հայաստան»ին հայութեան կառչածութիւնը, անոր իրաւացիութիւնը՝ «Արմէնիա» նաւով ընթացք առնելով ծովէն եւ արշաւը աւարտելով ծովուն մէջ: Զօրի Բալայեան հաստատեց, որ այս ուղեւորութեամբ իրենք կը միտին ցոյց տալ, թէ շուրջ 200 երկիրներէն գէթ 100ին մէջ հայկական համայնք գոյութիւն ունի՝ իրենց աւելի քան 1700 եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ համապատասխան կառոյցներով: Այս իրականութիւնը նաեւ այլ հարցադրում մը յառաջ կը մղէ, թէ ինչո՛ւ այսքան մեծ թիւով հայութիւն կ՛ապրի իր հայրենի օրրանէն դուրս: «Պատահական չէ, որ 100 երկիրներու մէջ ունինք 100 Հայաստան», նշեց Բալայեան:
Ապա խօսք առաւ նաւապետ Սամուէլ Կարապետեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց այն երկիրները, ովկիանոսները եւ ծովերը, զորս կտրած են՝ սկսելով սպանական Վալենսիա քաղաքէն եւ աւարտելով Միջերկրականի մէջ՝ Պէյրութ:
Աւարտին Բալայեան եւ Կարապետեան պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:
Մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց հանդիպում մը լիբանանահայ համայնքի կուսակցական, յարանուանական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: