ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի Իսլամական կուսակցութեան եօթը գործիչներ, որոնց շարքին՝ կուսակցութեան ղեկավար Մովսում Սամետով, դատարան կանչուած են՝ յանցագործութեան խումբ կազմելու, անօրինական զէնք պահելու եւ դաւադրութիւն կազմակերպելու մեղադրանքներով։ Անոնք ձերբակալուած էին Յունուարին, երբ Սամետով Պաքուի իշխանութիւնները մեղադրած էր բռնարարքներ գործադրելու համար, եւ անոնցմէ պահանջած էր հրաժարիլ։ Սամետով եւ անոր համախոհները չեն ընդունիր իրենց դէմ ամբաստանութիւնները՝ յայտարարելով, որ իրենց ձերբակալման շարժառիթը քաղաքական է։
Միւս կողմէ, ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ շուրջ 124 հազար ստորագրութիւն հաւաքուած է՝ դպրոցներու մէջ լաչակ կրելու արգելքը չեղեալ համարելու համար։ Ստորագրահաւաքին արշաւը, որուն կազմակերպիչը Խղճի եւ դաւանանքի ազատութեան կեդրոնն է, սկսած է Յուլիսի սկիզբը։ Արշաւի կազմակերպիչները կը պատրաստուին դիմումնագիրը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յանձնելու։