ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Չորեքշաբթի, Յուլիս 20ին տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն յայտնեց, թէ Ռուսիա իր հողամասերուն վրայ ազգամիջեան բախումներու յառաջացումը պիտի չարտօնէ։ «Որեւէ պայմանի տակ կարելի չէ, որ մեր հողամասերուն մէջ այդպիսի բան արտօնենք», ըսաւ Փութին զգուշացնելով, որ նման բախումներ Ռուսիոյ ապագան վտանգող վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենան։
Ռուսիոյ վարչապետը ըսաւ նաեւ, որ ազգամիջեան բնոյթ կրող տագնապները արդի աշխարհի վրայ բազմաթիւ պետութիւններ կը հարուածեն եւ աւելցուց, որ Ռուսիոյ համար ազգային ու կրօնական յարաբերութեանց առնչուող հարցերուն լուծումը շատ կարեւոր կը նկատուի։
Փութին նշեց, թէ ներկայիս Ռուսիոյ մէջ տասը միլիոն գաղթականներ կը բնակին եւ Ռուսիա կը յատկանշուի իր հողերուն վրայ ապրող ազգային, կրօնական ու մշակութային այլազանութիւն ներկայացնող աւելի քան 180 ժողովուրդներու ու հաւաքականութեանց ներկայացուցիչներով: