ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը սուրիական պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Սուրիա կը ճանչնայ Յունիս 4, 1967ի սահմաններով եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութիւնը՝ պահպանելու համար պաղեստինեան արդար իրաւունքները: Սուրիա նաեւ որոշած է Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան Դամասկոսի գրասենեակը այսուհետեւ նկատել իբրեւ դեսպանատուն։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ողջունեց Սուրիոյ այս քայլը՝ զայն նկատելով յառաջիկայ Սեպտեմբերին, ՄԱԿի կողմէ ճանաչում ստանալու ուղղութեամբ պաղեստինեան ջանքերուն մեծ նպաստ մը։