ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալեմ Չորեքշաբթի, Յուլիս 20ին, Դամասկոսի համալսարանին մէջ ելոյթի մը ընթացքին յայտնեց. «Միջին Արեւելքի սիրտին մէջ

Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքը, արաբական աշխարհի եւ ընդհանրապէս շրջանի քաղաքականութեանց ու հաւասարակշռութեանց մէջ անոր մեծ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հարեւան ըլլալը, զայն կը վերածեն բազմաթիւ կողմերու շահերուն ծառայող արտաքին դաւադրութեանց թիրախ»։ Մոաալեմ զգուշացուց Սուրիոյ ներկայ տագնապի քաղաքական վտանգներէն եւ անոնց ստեղծած պարակտումէն։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ, եւ հակառակ նախորդող տարիներուն իր ապրած դժուարութեանց եւ մեկուսացման փորձերուն, յաջողած է իր ազգային կեցուածքներն ու սկզբունքները պահել:
Ան նաեւ ազդարարեց օտար դեսպանները, որ առանց կառավարութենէն հարկաւոր արտօնութիւն ստանալու՝ չայցելեն Դամասկոսէն 25 քլմ. հեռու գտնուող վայրեր՝ անգամ մը եւս քննադատելով Հոմս այցելելու Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն քայլը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ ներկայ իրադարձութեանց չի միջամտեր, սակայն պնդեց, թէ սուրիացիները աւելի լաւ ապագայ մը ունենալու արժանի են։ «Մեր կեցուածքը չի նշանակեր, թէ այդտեղ տեղի ունեցածին նկատմամբ մտահոգ չենք։ Առաջին հերթին՝ կ՛ուզենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի: Մեր եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութիւն չկար, եւ հակառակ իսկական խաղաղութեան հասնելու գաղտնի բանակցութեանց, «ոչ խաղաղութիւն-ոչ պատերազմ»ի կացութիւն մըն էր: Սակայն այն, ինչ անընդունելի է, այն է, որ Սուրիա «Հըզպալլա»ի եւ Իրանի կը զօրակցի», ըսաւ Նեթանիահու։
Միւս կողմէ, Յորդանանի տեղեկատուութեան նախկին նախարար Սալեհ Քալլապ, «Արապիա»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիան նկարագրեց իբրեւ Թուրքիոյ եւ Իրանի ազդեցութեանց միջեւ պայքարի դաշտ մը։ Ան ըսաւ, որ եթէ Իրան վտանգը նշմարէ, մանաւանդ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի յայտարարութիւնները յստակ կերպով իրանեան ծրագիրներուն հակասող ձգտումներ կը մատնանշեն, ապա Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ռազմական պայքար կրնայ սկսիլ: