Լիթուանական «Ճէօփոլիթիքա» թերթը, վերլուծելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին իրադարձութիւնները՝ կը գրէ. «Քազանէն պէտք չէր որեւէ յառաջընթաց ակնկալել: Երբ Ալիեւ վերադարձաւ Պաքու, ուր կազմակերպեց Ատրպէյճանի անկախութեան 20 ամեակին նուիրուած զինուորական տողանցքը, ցուցադրուեցան ժամանակակից ռազմական սարքեր, որոնց շարքին՝ Ռուսիայէն գնուած «Էս. 300» հակաօդային հրթիռներու համակարգեր, «Մաթատոր» եւ «Մըրատըր» զրահապատ մեքենաներ, թրքական, իսրայէլեան եւ չեխական ռազմական արտադրութիւններ, պատերազմական օդանաւեր եւ նաւեր։ Սակայն գլխաւորը՝ Ալիեւի ելոյթն էր, որուն մէջ ան ըսաւ, թէ պատերազմը չէ վերջացած։ Անցեալ տարուան Յունիս 8ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանը հաստատեց երկրին ռազմական վարդապետութիւնը, ուր մասնաւորաբար կ՛ըսուէր, որ Ատրպէյճան «ազատագրելու համար իր բռնագրաւուած տարածքները եւ վերականգնելու համար տարածքային ամբողջականութիւնը, իրեն կը վերապահէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, ներառեալ՝ ռազմական ուժ օգտագործելու իրաւունքը»։
«Այսպիսով երկու երկիրները զիրար մեղադրելով՝ յայտնուած են փակուղիի մէջ։ Երեւան, որ տնտեսապէս եւ ռազմական առումով այնքան ալ զօրաւոր չէ, որքան է Ատրպէյճանը, յոյսը դրած է Ռուսիոյ վրայ, որ պարտաւորուած է Հայաստանը պաշտպանել արտաքին յարձակումէ, եւ որ Հայաստանի տարածքին վրայ սեփական ռազմակայան ունի։ Սակայն յստակ չէ, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի միջամտէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, քանի որ անիկա Հայաստանի հանրապետութեան կազմին մէջ չէ», կը գրէ պարբերաթերթը, նկատել տալով, որ ներկայ վիճակը ձեռնտու է բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր միջնորդ՝ Ռուսիոյ:
«Նոր պատերազմի ճամբուն վրայ խոչընդոտ են կովկասեան խողովակաշարերը։ Վիճայարոյց տարածքներէն ոչ հեռու գտնուող քարիւղի երկու կարեւոր խողովակաշարերն են՝ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհանը եւ Պաքու-Սուփսան։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւնները պիտի վտանգեն զանոնք։ Բացի ատկէ, նոր պատերազմը Կովկասի մէջ Մոսկուայի շահերէն չի բխիր», կ՛եզրակացնէ թերթը։