ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս, 12ին, կէսօրէն ետք ժամը 1։30ին, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի կրօնական դաստիարակութեան վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, հոգաբարձութեան անդամներ, ծնողներ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցը քաջալերող բարեկամներ։
Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի առաջնորդութեամբ «Հայր Մեր»ի Տէրունական աղօթքի հաւաքական աղօթքով սկսաւ հանդէսը։ Բացման խօսքը կատարեց Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Ռաֆֆի Թորոսեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այս օրերուն մարդիկ նիւթին գերի դառնալով՝ մոռցած են զԱստուած եւ Անոր հետեւիլը։ Ան յորդորեց ներկաները, որ աւելի ժամանակ տրամադրեն աղօթքի եւ Աստուածաշունչ ընթերցելուն։ Ան թելադրեց ներկաները, որ իրենց ներդրումը ունենան նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան Աստուածահաճոյ գործին մէջ։
Օրուան հանդիսավարներն էին Պատանեաց խումբի անդամներէն՝ Լուսինէ եւ Գէորգ Թահմիզեանները։
Կիրակնօրեայի բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հանդէսին։ Ներկաները հոգեւոր ժամեր վայելեցին՝ հանդիսատես դառնալով ներկայացուած կոկիկ յայտագիրին, փառաւորեցին զԱստուած եւ աղօթեցին Կիրակնօրեայ դպրոցի առաքելութեան եւ աշխատանքին, որ քրիստոնէական կրթութիւն ջամբել է նոր սերունդին, համեմատ Աստուծոյ խօսքին, որ գրուած է Սաղմոսներու գիրքին մէջ. «Եթէ տունը Տէրը չշինէ, զուր տեղը կ՛աշխատին զանիկա շինողները՝ (Սաղմոս 127.1)։
Սեդրակ Քէշիշեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Սայաթ Նովա եւ «Danube Waves»։ Նախակրթարան եւ երէց դասարանի աշակերտները խանդավառօրէն արտասանեցին Սաղմոս 30ը եւ հոգեւոր երգեր երգեցին՝ առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն, Նուարդ Մաթինեանի եւ Մարի խաչերեանի։
Մանկապարտէզի աշակերտները իրենց յատուկ մանկական խանդավառութեամբ արտասանեցին ոսկեղէն համարներ եւ հոգեւոր երգեր երգեցին՝ առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Հայկան Մկրտչեանի եւ Մարգարիտ Շամլեանի։
Փոքրիկն Անժելիքա Մարապեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Mystic Island»:
Նախակրթարանի եւ երէց դասարանի աշակերտներ ներկայացուցին Նուարդ Մաթինեանի «Երկրի վրայ Երկնային Տօնակատարութիւն»ը, իսկ Էթան Քէշիշեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Հինգալլա»ն։
Արամ Ղազարեան արտասանեց «If Jesus Came to Your House»ը։ Պատանեաց խումբի անդամները արտասանեցին ոսկեղէն համարներ, հատուածներ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիէն։ Կարինէ Յակոբճանեան մեներգեց «Արաքսի» եւ «Խնկի Ծառ» երգերը։ Ութերորդ կարգի աշակերտներէն Արաքսի Կինճիկեան վարպետօրէն նուագեց Առնօ Պապաջանեանի «Վաղարշապատի Պար»ը եւ Քրիստինէ Խոսրովեան արտասանեց Ա. Կորնթացիս 1։31 հատուածը։
Վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի կողմէ։
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ դպրոց կը ղկրեն, ինչպէս նաեւ՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք անձնուիրաբար կը ծառայեն Աստուածահաճոյ գործին։
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։ Ան բարձրօրէն գնահատեց նուիրեալ եւ անձնազոհ ուսուցչուհիները, որոնք ամէն Կիրակի սիրայօժար կու գան եւ իրենց կարելին կ՛ընեն Աստուծոյ խօսքը ջամբելու հայ մանուկներուն։
Հայր սուրբին «Պահպանի»չ աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը։
Պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։
Կիրակնօրեայ դպրոցը ամառնային կարճ դարարէ մը ետք պիտի վերաբացուի Սեպտեմբերին։ Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր ծնողներուն, որ իրենց զաւակները ղրկեն կիրակնօրեայ դպրոց՝ ստանալու համար քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)