
Շաբաթ, Յուլիս 8ին, Հիւսիսային Հոլիվուտի մէջ գտնուող «Gokor’s» մարզասրահին մէջ, մարտարուեստի հայ մարզիկներու «Hye- Fighters» ակումբի անդամներէն Մենի Համբուրեան եւ Կարէն Դարպետեան, ինչպէս նաեւ անոնց մարզիչը՝ Գոգոր Չիւիչեան, ինքնապաշտպանութեան ձրի դասեր տրամադրած են համայնքի՝ բռնարարքներու զոհ դարձած անդամներուն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին այս սպասարկութեան համար: