ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ Կառավարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան վարչութեան պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ ուսումնասիրման բաժինի պետ Սլաւա Սարգսեան յայտնած է, թէ Արցախի մէջ յայտնաբերուած է «Կարկառ» բերդաքաղաքը: Մինչ այդ, կար տեսակէտ մը, թէ «Կարկառ» քաղաք-ամրոցը նոյնինքն Շուշին է, սակայն «Կարկառ»ը յայտնաբերուած է Շուշիէն երկու քլմ. դէպի արեւելք:
Լրագրող Բ. Կարապետեան, վերջերս նաեւ հնագէտներ Հ. Պետրոսեան եւ Վ. Սաֆարեան, պեղումներ կատարելով Շուշիի մէջ՝ ի յայտ բերած են 12րդ-14րդ դարերուն վերաբերող բազմաթիւ նմուշներ, սակայն, պեղումներուն ընթացքին ի յայտ չեն բերուած աւելի հին ժամանակաշրջանի նիւթեր, որոնք համադրուէին յատկապէս արաբական աղբիւրներու մէջ եղած յիշատակումներուն հետ: Իսկ այդ աղբիւրներուն մէջ (Եագութ ալ Համաուի, Ըպն Խորտատպեհ, Ըպն ալ Ֆագիհ, Համտալլահ Ղազուինի) «Կարկառ»ը, որ կը ներկայացուի իբրեւ քաղաք եւ ամրոց, կը վերաբերի պարսից արքայ Խոսրով Անուշիրվանի ժամանակներուն (531-578), այսինքն՝ հին միջնադարուն, որուն վերաբերող կամ բնորոշ հնագիտական նիւթեր, Շուշիի պեղումներուն մէջ չեն յայտնաբերուած:
Սլաւա Սարգսեանի փոխանցումով, կարելի է կռահել, որ հնագոյն «Կարկառ»ը անմիջականօրէն Շուշի քաղաքի կամ սարահարթի վրայ չէ եղած, այլ ուրիշ տեղ, բնականաբար՝ այդ բնակավայրին մօտակայքը, որովհետեւ «Կարկառ»ը ունի «լեռնային բարձունք» իմաստը, եւ այդ բնակավայրէն շատ հեռու չէր կրնար ըլլալ:
«Վերջերս Շուշիի մերձակայքում կատարուած փնտռտուքները տուեցին ցանկալի արդիւնք: Գտնուեց հնագոյն եւ վաղ միջանադարեան «Կարկառ» քաղաք-ամրոցը: Այն տեղակայուած է Շուշի քաղաքից շուրջ 2 քլմ. արեւելք, Շօշ գիւղից 1.5 քլմ. հիւսիս, Կարկառ գետի ձախափնեայ՝ աւտոմայրուղու վերին ապառաժոտ լերան սարահարթի վրայ: Տարածքը զբաղեցնում է մօտ 20 հա. մակերես: Պարսպապատերի հիմքերը մի քանի անկիւնային, մինչեւ 10-12 մեթր տրամագիծ ունեցող աշտարակներով նկատելի են: Պատերի որոշ հատուածներում առկայ է շարուածքի օրտոստատ ձեւը՝ մեծադիր քարերով: Պարսպապատէրը ձգւում էին մօտ 1 քլմ. երկարութեամբ», կը նշէ Սարգսեան:
Անոր հաւաստիացումով, պատահականօրէն ի յայտ բերուած հնագիտական նիւթերը կը վերաբերին ուշ անթիք-հին միջնադար ժամանակաշրջանին եւ կը համաընկնին միջնադարեան «Կարկառ» քաղաք-ամրոցին մասին եղած յիշատակութիւններուն հետ:
«Կարկառ» քաղաք-ամրոցին համար իբրեւ պաշտպանական գլխաւոր դիտակէտ ծառայած է անոր վերնամասը գտնուող «Կիկլոպեան» կոչուած ամրոցը, որ հաւանաբար «Կարկառ»ի հետ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէր: Ամրոց-բնակավայրի երբեմնի բնակիչները օգտուած են ոչ միայն մերձակայ Կարկառ գետէն, այլեւ հիւսիս-արեւմտեան վերնամասը գտնուող երկու աղբիւրներէ:
Խորհրդային ժամանակներուն «Կարկառ» քաղաք-ամրոցին տարածքը հարթուած է. շինութիւններուն քարերը տեղափոխուած եւ օգտագործուած են բնակելի տուներու կառուցման համար, Շուշիի ատրպէյճանցի կառավարիչներուն հրահանգով, (հնարաւոր է կանխամտածուած) տեղւոյն վրայ ստեղծուած է կաղնիի անտառ մը, ապա այդ տարածքով անցած է Պաքու-Նախիջեւան կազատարին՝ Շուշի տանող հանգոյցը: