
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներէն Սեպուհ Գույումճեան, արդէն իսկ դէմ յանդիման գտնուած է կարգ մը մարտահրաւէրներու, շրջանին մէջ Հայ Դատին շուրջ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծելու աշխատանքներուն ընթացքին, եւ կը փափաքի յատկանշական դերակատարութիւն ունենալ ոչ միայն շրջանային առումով, այլ՝ համա-ամերիկեան եւ ինչու չէ նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ:
«Այս ծրագիրը հոյակապ առիթ է աւելի մօտէն ծանօթանալու համայնքին ու Քալիֆորնիոյ կառավարական գործունէութեան ծալքերուն, եւ վստահ եմ, որ անոր շնորհիւ պիտի կարենամ ձեռք ձգել հարկաւոր փորձառութիւնը եւ գիտելիքները, ոչ միայն իմ մէջ հայկական ինքնութիւնը աւելի եւս արմատաւորելու, այլ նաեւ Հայ Դատի աշխատանքներուն վրայ աւելի մեծ հետք մը ձգելու նպատակիս համար», կ՛ըսէ Գույումճեան:
Սեպուհ Գույումճեան, որ ներկայիս ամբողջացնելու վրայ է Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին մէջ իր վերջին կիսամեակը, աշնան պիտի փոխանցուի Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղ: Իբրեւ քաղաքական գիտութեանց ուսանող, որ յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանացնէ միջազգային յարաբերութեանց առնչուող դասընթացքները, վստահ է, որ վարժողական ծրագիրի աւարտին, աւելի գործօն դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայկական քաղաքական իրականութնէն ներս:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Հայկ Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ Գույումճեանի հետաքրքրութիւններուն շնորհիւ, ան տիպար մասնակիցն է վարժողական նման ծրագիրներու:
Գույումճեան արդէն իսկ վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին գործօն անդամ մըն է Փասատինայի եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան, եւ վերջին երկու տարիներուն, անոր վարչութեան մաս կը կազմէ, իսկ ներկայիս՝ վարչութեան ատենապետն է: Ան կազմակերպած է դրամահաւաքի շարք մը ձեռնարկներ եւ կը ծրագրէ մօտէն գործակցիլ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ: