ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ կայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով հիմնուած մարմին մը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»։ Այս միութեան նախագահն է Սաւաշ Էղիլմեզ, որ այս անգամ հանդէս եկած է բողոքելու համար Վատիկանին դէմ:
Վատիկանի գաղտնի արխիւներու տնօրէն Սերճիօ Փականօ անցեալները հաղորդած էր, թէ կը պատրաստուի հրատարակելու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին սարսափազդու փաստաթուղթեր։
Սաւաշ Էղիլմեզ պատասխանելով Փականոյի յայտարարութեան՝ ըսաւ, որ Վատիկան շարունակ կը հաղորդէ, թէ այս փաստաթուղթերը պիտի հրատարակէ, սակայն աւելի ուշ կը յետաձգէ անոնց հրատարակութիւնը։ «Մենք ասոր դէմ կը բողոքենք, ու կը պահանջենք, որ անոնք ժամ առաջ հրատարակեն ի՛նչ փաստաթուղթ որ ունին», յայտնեց Էղիլմեզ եւ կոչ ըրաւ ժողովուրդին, որ մասնակցի բողոքի այս ելոյթին։
Էղիլմեզ նաեւ ըսաւ, որ այժմ Վատիկանը կ՛ուզէ միջամուխ ըլլալ Հայկական Հարցին, որ տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ Թուրքիան։ «Փականօ, որ իր կարդացածներուն դիմաց սոսկում զգացած է, շատ լաւ կը խաղայ իր դերը», աւելցուց Էղիլմէզ եւ շարունակեց ըսելով. «Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ինչե՛ր են այն փաստաթուղթերը, որոնք տեղ գրաւեր են Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ։ Այս փաստաթուղթերը, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ եւ վերջ թրքական հողերու վրայ թուրքեր սպաննող հայերու կողմէ Եւրոպայի քրիստոնեայ երկիրներու ղեկավարներուն ղրկուած ստայօդ նամակներն են, նամակներ՝ որոնց մէջ հայերը իրենց օգնութեան կը կանչեն եւրոպացիները»։