ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ հանրապետական ծերակուտականներ Ճան Քիլ եւ հայամէտ դիրքորոշումով ծանօթ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի նախկին համանախագահ Մարք Քըրք, նամակով մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լիոն Փընեթային։
Նամակին մէջ քոնկրեսականները ուշադրութիւն հրաւիրելէ ետք այն իրողութեան վրայ, որ Թուրքիա Իսրայէլի հետ վատ, իսկ Իրանի հետ՝ լաւ յարաբերութիւններ ունի, ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղած են Թուրքիոյ տարածքին ռատիօտեղորոշման կայան տեղակայելու հարցին մէջ Անգարայէն պահանջել համապատասխան երաշխիքներ։
Ըստ անոնց, Անգարան պէտք է երաշխիքներ տայ այն մասին, որ կայանին տուեալները պիտի տրամադրէ նաեւ Թել Աւիւին։ Անոնք նաեւ պահանջած են ուսումնասիրել, թէ Իրանի հրթիռային յարձակումներէն պաշտպանուելու համար որքանո՞վ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ռատիօտեղորոշման կայանի մը՝ Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը։
Քըրք եւ Քիլ իրենց նամակին մէջ կը նշեն, որ հակահրթիռային համակարգին մաս կազմող սոյն կայանի տեղակայման համար «ամէնէն իտէալականը պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը»։
Քանի մը ամիս առաջ, խումբ մը քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի նամակ մը յղած էին՝ կոչ ուղղելով փոփոխութիւններ կատարելու Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի տարրեր տեղադրելու ծրագիրներուն մէջ։ Անոնք առաջարկած էին այդ տարրերը ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ՝ Վրաստանի մէջ տեղակայել։
«Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթը օրեր առաջ գրած էր, որ Անգարա եւ Ուաշինկթըն կը պատրաստուին յառաջիկային Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերու տեղակայման շուրջ համաձայնութիւն կնքելու։