

ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներ»ուն մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 66րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ։
66րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈւԱՄ տարածքին մէջ երկարաձգուող հակամարտութիւններու (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտովա) եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութեան ու զարգացման համար անոնց հետեւանքներու» մասին կէտը։
«Էխօքավքազա» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Հայաստանն ու Ռուսիան ՄԱԿի մէջ դէմ քուէարկած են Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն բռնի տեղահանուածներու կարգավիճակը սահմանող բանաձեւին։ Բանաձեւին թեր քուէարկած են Միացեալ Նահանգները, Ատրպէյճանը, Պալթեան երկիրները, Բրիտանիան եւ քանի մը տասնեակ երկիրներ։ Թուրքիա, Զուիցերիա, Իսրայէլ եւ 71 այլ պետութիւններ, ձեռնպահ մնացած են։ Բանաձեւը որդեգրուած է 57 թեր եւ 13 դէմ քուէներով։