ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթէն ստացանք հետեւեալ լրատուութիւնը.

Միջոցէ մը ի վեր, մամուլին մէջ կը խօսուէր Սասունի ու զանազան նահանգներու հայերու կողմէ հիմնուած միութեան մը մասին, որուն գործունէութեան շուրջ յստակ գաղափար չունէինք։ Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին, «Մարմարա»ի խմբագրատուն այցելութեան եկաւ այս միութեան հիմնադիրներէն ու ամէնէն գործօն տարրերէն Ազիզ Տաղճը, որուն հետ ծանօթացանք, եւ որմէ շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացանք։
Ազիզ Տաղճը, որ այժմ Պոլսոյ մէջ, Գումգաբու կը բնակի եւ ոսկերիչ է, իր բոլոր կարելիութիւններով կը զբաղի այս միութեան առաջադրութիւններով։ Ան ըսաւ, որ վերջերս միութեան անունը փոխած են՝ անոր վրայ աւելցնելով Պոլսոյ անունը։ Այսպէս՝ վերոյիշեալ միութիւնը այժմ կը կոչուի «Պիթլիսի, Պաթմանի, Մշոյ, Վանայ, Պոլսոյ եւ բոլոր միւս նահանգներու, գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու հայերու ու Սասունի հայերու ընկերային զօրակցութեան ու մշակութային գործունէութեան միութիւն»։
Ազիզ Տաղճը յայտնեց, թէ այս միութեան նպատակն է՝ արգելք հանդիսանալ հին եկեղեցիներու տարբեր նպատակներով գործածութեան, ապահովել, որ հնօրեայ եկեղեցիները վերադարձուին եկեղեցիի կարգավիճակի։ Տակաւին՝ տէր կանգնիլ հին եկեղեցիներու ու գերեզմանատուներու, պատեր հիւսել գերեզմանատուներու շուրջ, դատ բանալ բոլոր անոնց դէմ, որոնք հայերու հին կալուածները այժմ իբրեւ պարտէզ կամ արտ կը գործածեն, ապահովել զանազան լքեալ եկեղեցիներու թափուները, եւ այլն։ Միութեան գործունէութիւնը, ինչպէս կը տեսնուի, շատ ընդարձակ է, սակայն Ազիզ Տաղճըի մէջ տեսանք վճռական ու աշխատունակ մարդը, որ կը գանգատի անցեալի մէջ գործուած սխալներէն, որոնց պատճառաւ, գաւառին մէջ շատեր չկրցան պահել հայ քրիստոնեայի իրենց ինքնութիւնը, եւ դարձան մահմետական կամ ասորի։
Մեր հիւրը յայտնեց մեզի, թէ բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան տեղեկութիւններ ստանալ կամ օգնել այս միութեան, կրնան կապ հաստատել՝ հեռաձայնելով 0535-6721308 թիւով: