
Պահպանողական հանրապետական քոնaկրեսականներ յաճախ իրենց քննադատութեան թիրախ կը դարձնեն Ազգային հանրային ձայնասփիւռի կայանին տրամադրուող պետական օժանդակութիւնը: Յատկանշական է, որ անցեալ տարի այդ կայանը 2.7 միլիոն տոլարի պետական օժանդակութիւն ստացած էր, մինչ աւետարանիչ Ճերի Ֆալուելի «Լիպըրթի» համալսարանը նոյն տարին 446 միլիոն տոլարի պետական նպաստ ստացած էր: