
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Թուրքիոյ սահմանին մօտ սուրիական ուժերու կուտակման լոյսին տակ Հինգշաբթի, Յունիս 23ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալեմի հետ, որմէ ետք Անգարայի մօտ Սուրիոյ դեսպան Նիտալ Քապալան կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր վերջին զարգացումներուն մասին բացատրութիւն տուած է։ Աղբիւրները նշած են, որ Տաւութօղլու հեռաձայնած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քաթրին Էշթընի եւ անոր հետ քննած «շրջանին մէջ վերջին զարգացումները, եւ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւնները»։
Նշենք, որ սուրիական ուժեր Հինգշաբթի օր համախմբուեցան Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ, եւ սահմանէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ զրահապատ մեքենաներ ու զինուորներ տեղակայեցին։
«Հիւրրիյէ»չ հաղորդեց, որ թրքական բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ զօր. Ասլան Կիւներ եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ այս հարցին շուրջ հանդիպում մը ունեցած են, իսկ «Զաման» հաղորդեց, թրքական բանակը եւս սահմանին վրայ ուժեր համախմբած է:
Իր կարգին, «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը իր «Ասատ չափը կ՛անցնէ» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը նշէ, որ Անգարա սահմանին վրայ սուրիական ուժերու կուտակումին հարցով զգուշացուցած է Դամասկոսը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին Սուրիան զգուշացուցած էր Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ ուժեր կուտակելու հետեւանքէն։
Միւս կողմէ, Դամասկոսի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ Սուրիոյ իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ ունեցած է եւ աշխատանք կը տանի Ասատի եւ ընդդիմութեան միջեւ փոխզիջումային լուծում մը գտնելու, «որ սկիզբ կ՛առնէ բարեփոխուներով ու իշխանութեան բաժնեկցումով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան հաստատումով»։
Նշենք, որ Ուրբաթ օր Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ վարչակարգին զօրակցող եւ անոր տապալումը պահանջող ցոյցեր տեղի ունեցան։ Ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու, իշխանութեան հակադրուող 15 ցուցարարներ եւս սպաննուած են: