
«Լոս Անճելըս Թայմզ» կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ Թահանկա քաղաքի բժշկական մատակարարման ընկերութեան մը հայազգի տնօրէնը չորս տարուան եւ երեք ամսուան բանտարկութեան դապարատուած է Լոս Անճելըսի մէկ դատարանին կողմէ, պետական առողջապահական սպասարկութեան «Մետիքեր» համակարգին շահագործման պատճառով:
Ըստ մեղադրանքին, 45ամեայ Պետրոս Օտաճեան շահագործած է «Մետիքեր»ի հաշիւները, հիւանդանոցային իրերու, հաշմանդամներու սայլակներու եւ այլ սարքաւորումներ մատակարարելու, որոնք, սակայն հիւանդներուն չէին հասած:
Թերթին համաձայն, Օտաճեանին պատկանող «RL Medical Supply» «Մետիքեր»էն 600 հազար տոլար ստացած է:
Ենթական 2010ի Յունիսին ընդունած էր, որ առողջապահական համակարգը շահագործելու համար զեղծարարութիւններու դիմած էր: