ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, Յունիս 26ին, կ.ե. ժամը 4ին, «Արարատ տան» «Էսքիճեան» թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills Road), տոքթ. Կրեկըրի Քիթապճեան պիտի ներկայացնէ դասախօսութիւն մը, աշխարահռչակ «Թայթենիք» նաւուն վրայ գտնուած հայերու մասին, որոնք թրքական հալածանքերէ փախուստ տալով կը փորձէին Միացեալ Նահանգներ ապաստանիլ: Յատկանշական է, որ հայեր կային նաեւ ընկղմած այդ շքեղ նաւուն արկածէն փրկուածներուն մէջ: Ան պիտի խօսի նաեւ անոնց հայրենի գիւղերուն ու անոնց ապրուստի ու փոխադրութեան պայմաններուն մասին:
Մուտքը ազատ է: