
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մեր կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք բազմաթիւ երեւոյթներու, որոնք ժամանակի արագ փոփոխութիւններուն հետ միասին, իրենք ալ ազդուելով կը փոխուին, ու ստանալով նոր ու տարբեր գոյն եւ դիմագիծ՝ կը վերածուին բոլորովին մեզի անծանօթ եւ տարբեր իրականութիւններու:
Իմ կարծիքով, սակայն, փաստուած է, որ Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ազգովին մենք ունեցած ենք եւ տակաւին ունինք այնպիսի անփոփոխելի երեւոյթներ եւ կառոյցներ, որոնք մեզ ալ իրենց հետ պահած ու պահպանած են հաստատապէս:
Այդ օրինակներէն մէկն է մեր միտքերուն մէջ արմատացած ակումբ հասկացողութիւնը, որ մեզի հետ պտտցուցած ենք ուր որ գացած եւ հաստատուած ենք, այս աշխարհի բոլոր կողմերը:
Այսպէս մեծցած ու այսպէս ալ դաստիարակուած ենք:
Մեր ծնողները մեր մանուկ կամ փոքր հասակէն սկսեալ, գեղեցիկ աւանդութիւն մը յարգողի պարտաճանաչութեամբ, մեզ մեր արմատներուն կապելու համար, նախ հայ եկեղեցի, հայ դպրոց եւ հայ ակումբ երրորդութեան առաջնորդած են, որովհետեւ միշտ հաւատացած են այս ազդակներուն ոգիի եւ շունչի կախարդական զօրութեան եւ անոնց ստեղծած մթնոլորտի հայապահպանման ու հայակերտման առաքելութեան:
Անկախ եկեղեցի եւ դպրոց իրականութենէն, այս օրերուն, հոս, այս հսկայ ձուլարան երկրին մէջ, մեր հայ երկսեռ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար «հաց ու պանիր»ի չափ էական է հայ ակումբին, հայ կեդրոնին, հայ տան կամ՝ ժողովրդային տան ներկայութիւնը, եւ անոնց մաքուր ու անբիծ մթնոլորտը:
Որովհետեւ, նաեւ ազգովին հաւատացած ենք, որ ակումբ հասկացողութիւնը հայ մարդու կերտումի բաց դպրոց մըն է, եւ ինչպէս ըսած են մեր մեծերը՝ անոր կեանքին մէջ անպայմանօրէն իր բարի ազդեցութիւնը կը ձգէ:
Նայեցէ՛ք մէյ մը ձեր չորս կողմը:
Ձեզմէ շատերը այդ հայ ակումբներուն մէջ մեծցած են, անսակարկ ծառայած ու անաղարտ պահած են զայն: Հոն ապրած են, հոն գիշերած են, հոն կազմակերպուած հանդիսութիւններուն՝ կամաւոր կերպով՝ անոր բակը լուացած ու աթոռներ շարած են, իրենց քրտինքով ու լումայով խնամած եւ հոգատարած են, եւ աւելին՝ օր մըն ալ նոյնիսկ կեանքի գնով՝ զայն պաշտպանած:
Ինչո՞ւ այս օրինակները. կրնան հարց տալ շատեր:
Որովհետեւ այս օրերուն Փասատինայի մէջ, Հայ կեդրոնի մը պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ պատմական պատշաճութեամբ եւ հայու հպարտանքով ու հանդիսաւոր կերպով, ազգային, պետական, քաղաքական դէմքերու ու հայութեան հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Կեդրոնը, որուն կ՛անդրադառնանք, հրապարակային կերպով արդիւնք է փասատինահայուն շինարար եւ կենարար ոգիին, ուր ազգային, հանրային, ընկերային, մշակութային, կուսակցական եւ մարզական ու մարմնակրթական կեանքը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ եւ պիտի ունենայ գործելու, ծրագրելու եւ բարգաւաճելու:
Ըսինք, որ հայ ակումբը, կամ հայ կեդրոնը, մեր բոլորին համար եղած է եւ է տակաւին հայու ժողովրդային տունն ու ազգային բոյնը: Եւ կ՛աւելցնենք նաեւ, որ ան տակաւին մեր ազգային սեփական հաւաքավայրն է, որ անկասկած, օրհնութիւն է շրջանի հայութեան համար:
Սփիւռքեան բոլոր պայմաններուն տակ անյետաձգելի պահանջք մը ըլլալով հանդերձ, փրկարար նախաձեռնութիւն մըն է նաեւ հայ կեդրոն կամ ակումբ մը ունենալը, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը հայանպաստ բազմազան սկզ-բունքներու եւ ծրագրումներու ծնունդ կու տայ:
Այսպէս, Կիրակի, 12 Յունիս, 2011ի կէսօրէն ետք ժամը 4ին, մեծահանդէս շուքով կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Փասատինայի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ընկերներուն, նաեւ շրջանի ՀՄԸՄ «Ազատամարտ»ի, ՀՕՄի «Սօսէ», Համազգայինի «Շահան Շահնուր», ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման», ՀՅԴ Պատանեկան եւ Հայ Ամերիկեան Տարեցներու միութիւններուն հաւաքավայր հայ կեդրոնին, որուն հասցէն է 2442 Foothill Blvd. Pasadena, CA 91107:
Այսպէս, կեդրոնի շրջափակին մէջ, այս առթիւ պատրաստուած յատուկ մեծ վրանի մը տակ տեղի ունեցաւ պատշաճ եւ կոկիկ յայտագիրով բացման տօնակատարութիւնը:
Հրապարակային ձեռնարկին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին ներկայ էին նաեւ ազգային, պետական, նահանգային եւ քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Նահանգային խորհրդարանէն՝ Էնթընի Փորթանթինօ, Քերըլ Լուի գրասենեակէն՝ Թալին Մանճիօղլու, Քրիս Հոլտըն, Ճիմ Մուսատա, Փասատինա քաղաքի ոստիկանապետ Չիֆ Ֆիլիփ Սանթեզ, նաեւ Վիգէն Երկանեան եւ Էլիզապէթ Փամըրօյէ, ՀՅԴ կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչներ Պետիկ Թաշճեան եւ Վարուժ Ուրֆալեան, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի եւ Համազգայինի շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, հովանաւորողներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ աւելի քան 500 հիւրեր:
Ձեռնարկի յայտագիրին սկիզբը, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի սկաուտական կազմը կարգապահ եւ տպաւորիչ կերպով կատարեց դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք ներկաներու յոտնկայս ուկնդրութեամբ, Լարա Ղարիպեան ամերիկեան եւ գաղութի ծանօթ արուեստագէտ Ռազմիկ Մանսուրեան հայկական քայլերգները մեներգեցին:
Օրուան հանդիսավար Այտա Տիմիճեան երկլեզու բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքի սկիզբին նախ մէկ առ մէկ յիշեց օրուան պաշտօնական հիւրերը եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց ներկայութեան եւ դրական ներդրումին համար:
Ապա ան ըրաւ պատմականը 35 տարիներ առաջ Փասատինայի մէջ հիմը դրուած հայ ակումբ-կեդրոնին՝ միաժամանակ մէջբերելով Ուիլեըմ Սարոյեանի այն նշանաւոր խօսքերը, որոնք կ՛արտացոլացնեն մեր ազգային նկարագիրն ու ապրելու եւ վերապրելու ուժականութիւնը:
Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը, հայրական իր մաղթանք-օրհնութիւններուն հետ յատնեց, թէ «անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այս երդիքին տակ պատմական առիթով»: Սրբազան հայրը շեշտը դնելով հայ կեդրոնի էականութեան վրայ՝ ըսաւ, թէ «նման կառոյցներով մենք զմեզ առաւել զօրաւոր կը զգանք ու այս ձեւով վրէժ լուծած կ՛ըլլանք նաեւ մեր դարաւոր թշնամիէն»:
Իր խօսքի աւարտին, Մուշեղ սրբազան բարի երթ մաղթեց կեդրոնին եւ զայն կառուցողներուն: Ապա սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ օրուան բոլոր հիւրերուն, իրեն ընկերակցող Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի եւ շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի հետ միատեղ կատարեց եկեղեցական յատուկ արարողութիւն, աղօթք ու շարական, եւ հայրական մաղթանքներով հատեց կեդրոնի դրան մուտքին կապուած մեծ ժապաւէնը:
Գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Մուշեղ սրբազան օրուան հիւրերու ներկայութեան կատարեց օրհնութիւնը հացի եւ աղի, զորս հայկական գեղջկական գեղեցիկ տարազներ հագած երկու պարմանուհիներ՝ Արին Պետոյեան ու Թանիա Ախճեան, իրեն հրամցուցած էին:
Սրբազան հայրը իր օրհնած հացը բաժնեց նաեւ օրուան հիւրերուն, որոնք մեծ գոհունակութիւն ստանալով՝ իրենք զիրենք իրենց հարազատ տան մէջ ըլլալու պատիւը հրապարակեցին:
Պաշտօնական այս արարողութիւններէն ետք, սրբազան հայրը հրաժեշտ տուաւ, որովհետեւ նոյն պահուն ինք պիտի հովանաւորէր նաեւ «Ֆերահեան» Ազգ. վարժարանի ամավերջին հանդէսը:
Ներկաները կրկին անգամ գրաւելով իրենց տեղերը՝ պաշտօնական յայտագիրը շարունակուեցաւ:
Այսպէս, հանդիսավար Այտա Տիմիճեան, որ անբողջ յատագիրը ձեռնհասօրէն վարեց, նախ բեմ հրաւիրեց Էտըմ Շիֆը, որ իր սրտի խօսքին սկիզբը ըսաւ. «Մենք բոլորս ալ այս երկիրը գաղթողներէն եղած ենք: Եկած ենք հոս բարւոք կեանքի մը ի խնդիր: Բերած ենք մեզի հետ մեր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները եւ մեր առօրեան խառնած այս երկրի կեանքին»:
Է. Շիֆ վեր առաւ նաեւ ամերկահայու բերած ներդրումը այս երկրի բարգաւաճման եւ զարգացման ի խնդիր:
Էնթընի Փորթանթինօ, հակառակ իր բազմազբաղ եւ մանաւանդ այս օրերուն ֆիզիքապէս անհանգիստ վիճակին, յայտնեց, թէ եկած էր անձամբ իր գնահատանքի խօսքը փոխանցելու հայ համայնքի զաւակներուն: Ապա ան գնահատագիր մը յանձնեց շրջանի կոմիտէին:
Քերըն Լուի գրասենակի ներկայացուցիչ Թալին Մանճիօղլու նախ շնորհաւորեց գաղութը եւ ապա այս առթիւ յանձնեց յատուկ գնահատագիր մը:
Յանուն շրջանի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէին, Մանուկ Չուխաճեան արժեւորելէ ետք հայ կեդրոն հասկացողութիւնը, ամփոփ գիծերու մէջ պատմականը ըրաւ Փասատինայի առաջին Հայ կեդրոնի հիմնադրութեան. «Այսօր վստահ եմ, որ մեր նախկին հիմնադիր ընկերները հրճուանքով կը դիտեն այն, որ իրենց սկսած գործը աշխուժութեամբ կը շարունակուի», ըսաւ ան:
Ապա ան մէկ առ մէկ յիշեց այս նոր Հայ կեդրոնէն ներս գործող քոյր միութիւններն ու անոնց տարած հայապահպանման ի խնդիր աշխատանքները: Այսպէս՝ ՀՄԸՄ «Ազատամարտ», ՀՕՄ «Սօսէ», Համազգային «Շահան Շահնուր», ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման», ՀՅԴ Պատանեկան եւ Հայ Ամերիկեան Տարեցներու միութիւններ ու մասնաճիւղեր, որոնք իրենց մարզադաշտով, ժողովասենեակներով եւ գրասենեականերով կու գան կատարել իրենց ուսերուն վրայ դրուած հայապահպանման պարտականութիւնն ու ազգային լուծը: Ապա Չուխաճեան յիշեց այս նոր Հայ կեդրոնի գնման եւ նորոգման հետ առնչուած կէտերը:
«Անցնող 2 տարիներուն վրայ երկարող շինարարական աշխատանքները աւարտած են: Նորոգուած է կեդրոնի կանգառը եւ ծառերով պատուած: Շէնքը թէեւ կերպարանափոխուած է, սակայն տակաւին կան բարեզարդման հետ կապուած աշխատանքներ, որոնց կարգին են՝ պասքեթի լիիրաւ դաշտ մը կառուցել, մայր սրահը օժտել կատարելագործուած խոհանոցով մը… Մեր փափաքն է, որ Հայ կեդրոն մտնող իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ հայերէն խօսի, կապուած մնայ իր հայրենիքին, Հայաստանը իր սրտին մէջ պահէ եւ իր մասնակցութիւնը բերէ մեր գաղութի ազգային, հայապահպանման ու մշակութային աշխատանքներուն»:
Ապա իր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքերը հրապարակեց մէկ տոլարէն մինչեւ հարիւր հազար տոլար նուիրող բոլոր նուիրատուներուն, որովհետեւ, ան շեշտեց, թէ «առանց այս բոլորին նիւթաբարոյական ներդրումին, կարելի պիտի չըլլար այս շէնքը Հայ կեդրոնի վերածել»:
Հանդիսավար Այտա Տիմիճեան անգլերէնով եւ անփոփ կերպով թարգմանեց հերթապահ Չուխաճեանի խօսքերը եւ ապա մէկ առ մէկ յիշեց բոլոր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն անուններն ու անոնց նուիրած գումարները, որոնք ընդհատուեցան ներկաներու ջերմեռանդ ու երկար ծափողջիւններով:
Իր կարգին, Յովիկ Սալիպա սրտի յատուկ խօսքով ելոյթ ունեցաւ: Ան նախ ներկայացուց բարերար եւ հաւատաւոր երէց ընկեր Գալուստ Շխրտմեանը, որ այս բացառիկ օրուան առթիւ քսան հազար տոլարով կը հովանաւորէր կեդրոնի կոմիտէին գրասենեակը:
Ապա Սալիպա վեր առաւ շրջանի հաւատաւոր այս երէց, կոմիտէութեան հիմնադիր ընկերոջ օրինակելի արարքը, ու անդրադարձաւ գաղութի կազմակերպման աշխատանքներուն անոր բերած ներդրումին, զոհաբերող ոգիին եւ անսակարկ աշխատանքին՝ շեշտելով, թէ «մարդկային կեանքի մէջ չկայ աւելի մեծ գոհունակութիւն, քան ծառայել գաղափարին եւ ժողովուրդին: Աշխատանք մը, որ հիմնադիր ընկեր Շխրտմեանը լուռ եւ անխօս կատարած էր»:
ՀՅԴ կեդր. կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Պետիկ Թաշճեան, որ երկլեզու շնորհաւորելէ ետք ներկաները, մեծապէս գնահատեց այն բոլոր հայորդիները, որոնց նիւթական աջակցութեան շնորհիւ՝ այս գաղութը տէրը դարձցած էր այս կեդրոնին:
Յայտագիրի աւարտին, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան կեդրոնին սրահը եւ մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան քոյր միութիւններուն յատկացուած անոր զանազան գրասենեակները, այս ձեւով աւելի մօտէն ու հիացած ծանօթանալով կեդրոնի բաժանմունքներուն՝ ՀՄԸՄի նոր մարզադաշտէն մինչեւ կեդրոնի ամէնէն փոքր սենեակը: Տեղի ունեցաւ նաեւ պատճաշ հիւրասիրութիւն:
Սրահի պատի վրայ նուիատուներու ցանկը ներկայացնող ծառի վրայ դրուած վարագոյրը վար առաւ Ալեքս Սանկիկեան:
Ներկաները սրտի մեծ գոհունակութեամբ հեռացան՝ իրենց հետ հպարտութեամբ տանելով այս պատմական օրուան գեղեցիկ յուշերը:
Կը հաւատանք, որ հանդիսութիւնները աւանդական բնոյթ ստացած են: Ուստի էականը, կը կարծենք, վերանորոգելն է մեր ազգային ապրումները ու նաեւ պահելն է մեր տոհմիկն ու աւանդը:
Փասատինայի Հայ կեդրոնը կենսական հաստատութիւն մըն է բոլորիս համար: Ուրեմն, անիկա բոլորիս անսակարկ գուրգուրանքին արժանի պէտք է ըլլայ, որպէսզի օրէ օր զարգանայ, արդիականանայ եւ մեր նոր սերունդին համար դառնայ հայկական շունչով եւ ոգիով ապահով երդիք ու տաքուկ բոյն:
Այս առթիւ, ի սրտէ աչքը լոյս կ՛ըսենք փասատինահայութեան, եւ վարձքը կատար՝ բոլոր անոնց, որոնք տարիներով միասին երկար երազեցին, հաւատք ընծայեցին իրենց երազին ու անոր իրականացման համար ճգնեցան, իրենց լուման խառնեցին իրենց քրտինքին, որպէսզի օր մը, պատմական այսպիսի օր մը, պարզ քարեղէն օտար շէնք մը վերածեն իրական հայկական տան մը, որ Փասատինայի նոր Հայ կեդրոն կը կոչուի: