
Երեքշաբթի, Յունիս 7ի կէսօրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներ մասնակից եղան «Արարատ տան» Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ճաշի ընդունելութեան։ Ամսական դրութեամբ տեղի ունեցող այս ընդունելութիւնը հովանաւորուած էր ՀՕՄի շրջանային վարչութեան եւ այլ նուիրատուներու կողմէ։
Ընդունելութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, իսկ անդամներէն՝ Խաչիկ Երէցեան ու Կարէն Բենեասեանս։
Առաջնորդը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ այս առթիւ Աստուծոյ փառք տալով՝ գնահատանքի խօսք ուղղեց «Արարատ տան» պատասխանատուներուն, ՀՕՄին ու այս ամսուան բոլոր հովանաւորներուն։ Ան յատկապէս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիւրընկալ տան ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մասին, որոնք անցած են աւելի քան վեց տասնամեակներու ճամբայ՝ վայելելով մեր համայնքին սէրն ու յարգանքը։