
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, Յունիս 15ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում՝ նուիրուած «Բագին»ի խմբագիր Յակոբ Պալեանի «Ինքնութիւն, Որակ, Մշակոյթ Եւ Վերականգնում» հատորին:
Գիրքը, որ արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին, բաժնուած է երկու մասերու. առաջինը՝ «Ազգի ինքնութիւնը գումարն է հիմնարար արժէքներու», երկրորդ՝ «Իրաւ վերականգնումի պորտաքար՝ հայ մշակոյթը»:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որմէ ետք գիրքը ներկայացուց դոկտ. Սեդա Քիլեճեան:
Հաստատելով Յակոբ Պալեանի մտածումները՝ Քիլեճեան նշեց, որ ինքնութիւնը առանց մշակոյթի չի կերտուիր, եւ հայ անհատը պէտք է ծանօթանայ այլ մշակոյթներու, բայց լաւապէս պէտք է ըմբռնէ ազգայինը: Քիլեճեան ըսաւ, որ Պալեան մտահոգութիւնները մատնանշելու կողքին, նաեւ ներկայացուցած է առաջարկներ եւ լուծումներ, որոնք ղեկավարութիւններուն կողմէ պէտք է քննութեան առարկայ դառնան:
Դոկտ. Սեդա Քիլեճեան աւելցուց, որ հայ լեզուն վտանգուած է, քանի որ սկսած ենք դադրիլ հպարտանալէ մեր լեզուով, ինչ որ ցաւալի երեւոյթ է: Ան ըսաւ, որ Պալեան իր գրութիւններուն մէջ յաճախ հնչեցուցած է հայրենիքի, լեզուի ու մշակոյթի միասնութեան ահազանգը, որ լսելի չէ դարձած: Քիլեճեան նշեց, որ հեղինակը տարբեր ժամանակներու ընթացքին միեւնոյն հարցերը կը քննարկէ, որպէսզի հասնի լուծումներու: Ան նաեւ անդրադարձաւ Պալեանի գրութիւններուն բովանդակութեան եւ բաժիններուն՝ հայոց լեզուի պահպանման դէմ ծառացած վտանգին, ինքնութեան հարցերուն, ընթերցանութեան նահանջին եւ այլ խնդիրներու:
Ապա խօսք առաւ «Ինքնութիւն, որակ, մշակոյթ եւ վերականգնում» հատորի հեղինակ Յակոբ Պալեան, որ հաստատեց, թէ հայութիւնը օրէ օր կը կորսնցնէ իր ոգին եւ մեր դպրոցներու հարցը լուրջ քննութեան առարկայ չի դառնար: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցներուն առաքելութիւնը պետական քննութիւններու յաջողութիւններուն տոկոսը չէ, այլ՝ ազգային դաստիարակութիւնը: Պալեան նաեւ նշեց, որ ժողովուրդ կարելի չէ առաջնորդել առանց հեռանկարի եւ գաղափարախօսութեան:
Հայ ազգային կեանքը յուզող յոռի երեւոյթներուն անդրադառնալէ ետք, Պալեան ըսաւ, որ այս բոլոր խնդիրներուն բեմը պէտք է հանդիսանայ մեր մամուլը: Ապա ներկաները հեղինակին եւ գիրքը ներկայացնողին հետ ունեցան մտերմիկ զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը ազգային հարցեր: