
ԳԱՀԻՐԷ.- Արդէն իսկ երրորդ տարին է, որ եգիպտահայ պատանիներ պիտի մասնակցին Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի Տուն» ծրագիրի 4րդ փուլին՝ Յուլիս 17էն 31 ժամանակամիջոցին, այս անգամ՝ 9 հոգիով:
«Ծրագիրը ունի յաջող ընթացք, որուն ամէն տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եգիպտոսի հայ համայնքը, որուն մեծ ոգեւորութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած՝ կը մասնակցին մեկնողները եւ կը վերադառնան անմոռաց տպաւորութիւններով, կրկին հայրենիք վերադառնալու բուռն ցանկութեամբ», կ՛ըսէ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան:
Այս տարի հովանաւորութեամբ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, ծրագիրին պիտի մասնակցին երկուքական աշակերտ 3 ազգային վարժարաններէ՝ «Նուպարեան», «Գալուստեան» եւ «Պօղոսեան», եւ մէկական աշակերտ՝ Գահիրէի ՀՄԸՄ «Նուպար»էն եւ ՀԲԸՄէն: