
ԹԵՀՐԱՆ.- «Ալիք»ի 80ամեակի յոբելինական Գործադիր յանձնախումբը իր իրաւասութիւններու ծիրէն ներս, վերջերս կեանքի կոչեց խորհրդանշական 80 հոգինոց պատուոյ յանձնախումբ մը:
«Ալիք»ի 80ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 14ին, «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահէն ներս: Ներկայ էին պատուոյ յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Գործադիր յանձնախումբին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ալիք»ի խմբագրակազմի երկարամեայ աշխատակից եւ միաժամանակ Գործադիր յանձնախումբի անդամ Բեսի Յովհաննիսեան, որ ելոյթներու ընդմիջումներու ընթացքին կը ներկայացնէր յղուած ուղերձներէն մէջբերումներ, որոնց մէջ հնչեցին հատուածներ «Ալիք»ի նախկին արտօնատէրերէն դոկտ. Ռոստոմ Ստեփանեանի, Գրիգոր Գրիգորեանի, Սուրէն Մնացականեանի ուղերձներէն. անձեր, որոնք յարգելի պատճառներով բացակայ էին հանդիսութենէն. ընթերցուեցաւ նաեւ հատուած՝ սրահին մէջ ներկայ Արտուշ Յովհաննիսեանի յղած ուղերձէն:
Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան նշեց, որ անցնող 120 տարիներուն ընթացքին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը խմբագրած եւ հրատարակած է աւելի քան 200 պարբերականներ, եւ այդ հրատարակութիւններէն այժմ քանի մը հատն են, որոնք 80 կամ աւելի տարեկան են. այդ շարքին մէջ իր պատուաւոր տեղը ունի «Ալիք»ը, որ նաեւ յուշարար է, որ ամբողջ 80 տարիներ, ընդհանուր հետաքրքրութիւններով, համայնքային լուրերով ու գաղափարներով բազմաթիւ յօդուածներու կողքին, կարեւորութեամբ ներկայացուցած է համահայկականը՝ հայրենիքէն մինչեւ սփիւռքեան համայնքներ:
«Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ալիք»ի սերունդներ դաստիարակող առաքելութեան, ապա խօսքի աւարտին նշեց. «Շնորհաւորում եմ բոլորիս՝ հայ ժողովրդի եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի փոքր անդամ «Ալիք»ի 80ամեակը»:
Թերթի արտօնատէր ճարտ. Ալբերտ Աճէմեան, որ այս առիթով ժամանած էր Հայաստանէն, յուզմունքը զսպելով՝ խօսեցաւ «Ալիք»ի առաքելութեան եւ դերին մասին: «Ալիք»ի յատկանիշներուն անդրադարձան նաեւ օրուան առթիւ միւս ելոյթ ունեցողները:
Արտայայտուեցան նաեւ ազգային-հասարակական գործիչներ Թաթուլ Օհանեան, Նոէլ Մինասեան, Ժորժիկ Աղազարեան եւ ՀՅԴ 120ամեայ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագիր դոկտ. Կարէն Խանլարեան:
«Ալիք»ի երիցագոյն աշխատակիցներէն դոկտ. Օննիկ Սահակեան, որ նոյնպէս այս առիթին համար Հայաստանէն ժամանած էր, իր խօսքին մէջ հպարտութեամբ նշեց, թէ ինք տակաւին 24 տարեկան էր, երբ «Ալիք»ի ժամանակի խմբագիր Յովսէփ Յովհաննիսեանը Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար, 1948 թուականին Թաւրիզ մեկնած էր՝ խմբագիրի պարտականութիւնները վստահելով իրեն, ինչին համար ինք այսօր մեծ հպարտութիւն կը զգայ:
Երբ աւարտին կը մօտենար ծրագիրի պաշտօնական մասը, ընկալեալ արարողակարգի համաձայն, հայրական օրհնանքի խօսքերով միջոցառումը եզրափակեցին Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան եւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Բաբգէն եպս. Չարեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Ալիք»ը 80 տարիներ անընդմէջ մտաւ ամէն մէկ տունէ ներս, իբրեւ առօրեայ հաց, եւ այնտեղ սերունդներ ճաշակեցին այդ հացէն, ըմբոշխնեցին, եւ «Ալիք»ը այդ սերունդներու փոխանցեց դաստիարակութիւն, հայեցի կրթութիւն, ներշնչեց սէր՝ գիր ու գրականութեան եւ Հայրենիքի նկատմամբ»:
Սեպուհ արք. Սարգիսեանն ալ համոզում յայտնեց, թէ լրատուամիջոցներէն իւրաքանչիւրը իր ինքնուրոյն դերը, բուրմունքն ու տեղը ունի, պէ՛տք է ունենայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: «Թերթը, մամուլը, ժողովուրդին շունչն են, եւ այդ շունչը երբեք հնարաւոր չէ անտեսել. ժողովուրդը միշտ կարօտով պէտք է սպասէ իր գրաւոր մամուլին, եւ երբ թերթը կը յաջողի այդ շունչը փոխանցել, կը նշանակէ, որ լաւագոյն ամեակի տօնակատարութեան առհաւատչեան է անիկա», ըսաւ ան:
Իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար անդրադառնալով արդի պայմաններուն մէջ առկայ տնտեսական դժուարութիւններուն, որոնցմէ անմասն չէ նաեւ «Ալիք»ը, թէ՛ «թեքնիքապէս» եւ թէ հաղորդակցական միջոցներու առումով՝ Սեպուհ արք. Սարգիսեան նշեց, որ այս բոլորին աջակցելու նպատակով, անհրաժեշտութիւն է կեանքի կոչել «Ալիք»ի 80ամեակի ֆոնտ, եւ իբրեւ պերճախօս մեկնարկ՝ սրբազան հայրը 1 միլիոն թուման նուիրեց «Ալիք»ի ֆոնտին:
«Ալիք»ի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի աշխատանքային ամփոփիչ զեկոյցանման խօսքերը եկան եզրափակելու գնահատական եւ շնորհաւորական խօսքերու բոյլը: