ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի գլխաւորութեամբ, Յունիս 16ին կայացած է Հայաստանի մէջ մարդու շահագործման (թրաֆիքինկ) հարցերով խորհուրդի հերթական նիստը:
Ըստ ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի տեղեկութիւններուն, խորհուրդը քննարկած է Եւրոպայի խորհուրդի՝ մարդոց շահագործման դէմ պայքարի ԵԽ փորձագիտական խումբին (GRETA) կողմէ մշակուած Մարդոց շահագործման դէմ պայքարի մասին ԵԽ համաձայնագիրի կիրարման գծով հարցաշարի լրացման վերջնական հաշուետուութիւնը: Խորհուրդին ընթացիկ աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով, գործող միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի ղեկավար, GRETA-ի հարցերով պատասխանատու Վահրամ Կաժոյեան տեղեկացուցած է, թէ հարցաշարի պատասխաններուն նախագիծերը արդէն իսկ մշակուած են եւ պիտի ներկայացուին բոլոր շահագրգիռ մարմիններուն եւ կազմակերպութիւններուն:
Փոխվարչապետը առաջարկած է նախագիծերուն մէջ ներփակել կատարուած աշխատանքներուն ամբողջ ծաւալը: Որոշուած է յառաջիկայ երկու շաբաթուան ընթացքին ամբողջականացնել փաստաթուղթը եւ զայն ներկայացնել ՀՀ կառավարութեան: