
ԹԵՀՐԱՆ.- Երկուշաբթի, Յունիս 13ին, «Արարատ»ի աղջկանց Պասքեթպոլի խումբը Թեհրանի լիկայի մրցաշարքի հերթական հանդիպումը ունեցաւ «Մահրամ» խումբին հետ: «Արարատ»ը խաղի աւարտին 79-66 ընդհանուր հաշիւով առաւելութեան հասաւ մրցակիցին նկատմամբ: Այս մէկը մրցաշարքին մէջ «Արարատ»ի աղջիկներուն 8րդ անընդմէջ յաղթանակն է:
Ըստ խումբի ընդհանուր պատասխանատուին, մրցաշարքին կը մասնակցին խումբի երիտասարդ պասքեթպոլիստուհիները, որոնք այսպիսի մրցաշարքերու մասնակցելու փորձառութեան կողքին, արձանագրած են նաեւ հարիւր տոկոսանոց արդիւնք: