ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 14ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Եթովպիոյ պատրիարք Փաուլոս Բ.ի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Եթովպիոյ դեսպանատան գործավարին: Հիւրերը վեհափառին փոխանցեցին պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ խնդրեցին հայրապետէն օգտակար հանդիսանալ Լիբանանի եթովպիական համայնքին առնչուած կարգ մը հարցերու գծով:
Յայտնենք, որ շուրջ 50,000 հաշուող եթովպիական համայնք մը կը գտնուի Լիբանանի մէջ. լիբանանեան հպատակութիւն եւ հետեւաբար օրինական ճանաչում չունենալով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հովանաւորութիւնը շնորհած է համայնքին՝ նկատի ունենալով մեր երկու եկեղեցիներուն դաւանակից ըլլալու իրողութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ պիտի շարունակէ կարելիութեան սահմաններէն ներս օգտակար ըլլալ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու օրինական հարցերուն: