
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Լուքաշեւիչ յայտնած է, թէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդները Քազանի մէջ որոշում պիտի կայացնեն ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման հիմնական նախագիծին վերաբերեալ։
«Ակնկալիքները մեծ են: Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, կայանալիք հանդիպման կը նախատեսուի քննարկել ղարաբաղեան հակամարտութեան հիմնարար սկզ-բունքներու «ամբողջական փաթեթը», ըսած է Լուգաշեւիչ:
Ան նկատած է, թէ փաստաթուղթի ձեւակերպումները համաձայնեցուած են երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներուն ընթացքին, որոնք կայացած են Մոսկուայի մէջ, Ապրիլին եւ Յունիսին: «Քննարկումներուն ընթացքին յաջող աշխատանք տարուած է մօտեցնելու դիրքորոշումները շարք մը առանցքային հարցերու մէջ: Նախագահները պիտի քննարկեն նոր մօտեցումները եւ համապատասխան որոշում պիտի կայացնեն», յայտնած է դիւանագէտը:
Նշենք, որ Յունիս 25ին, Քազանի մէջ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իհամ Ալիեւի հանդիպումը: