
ՓԱՐԻԶ.- Յունիս 15ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի շէնքին մէջ տեղի ունեցած «Խաչքարերու արուեստը. Հայկական խաչքարերը» լուսանկարներու ցուցահանդէսին ընթացքին, հիւրերը նկատած են, որ լուսանկարներուն մէջ խաչքարերու ծագումի վայրերուն մասին արձանագրութիւնները «անհետացած են», առանց որեւէ հիմնաւորման:
Լուսանկարներուն տակ նշուած եղած է միայն խաչքարերուն տարեթիւը: Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ հայկական կազմակերպութիւնները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են այդ փաստին առնչութեամբ:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 2010ին, երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕն հայկական խաչքարերը ճանչցաւ իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն, Ատրպէյճանը բողոքեց այդ որոշումին դէմ՝ նշելով, որ խաչքարերը միայն հայկական չեն:
Ֆրանսահայ անկախ լրագրող Ժան Էքեան կը յայտնէ, թէ ցուցահանդէսին ներկայ եղած են Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուելեան, որոնք դժգոհութիւն յայտնած են կատարուածին հանդէպ, իսկ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մօտ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր չէ մասնակցած ձեռնարկին: