ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոպայի Ցեղապաշտութեան եւ մոլեռանդութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը վերջերս հրատարակեց տեղեկագիր մը, ուր կը քննադատուին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։ Տեղեկագիրին հեղինակները դիտել կու տան, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարները հակահայ ելոյթներով ու գրգռութիւններով շարունակ թշնամական զգացումներ կը հրահրեն հայերու դէմ։ Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերը շատ նեղ կացութեան մատնուած են ու անոնք ամէն կերպով կը ջանան թաքցնել իրենց հայկական ինքնութիւնը, կը գործածեն ատրպեճանական անուններ, խառն ամուսնութիւններէ ծնունդ առածներ իրենք զիրենք ցոյց կու տան իբրեւ ատրպէյճանցի եւ զանազան դժուարութիւններու դէմ կը պայքարին փաստաթուղթեր ապահովելու ընթացքին։
Տեղեկագիրին հեղինակները դիտել կու տան, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան հայ ժողովուրդին նկատմամբ այս գրգռութիւններուն: