
ՊԱՔՈՒ.- Ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն, Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա, Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպման արդիւնքները նախատեսելը դժուար նկատած է։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այս փաստը աւելի լաւ կը հասկնան, սակայն մենք կրնանք ենթադրել, որ Մինսկի խումբի համանախագահները որոշ տեղեկութիւններ ունին։ Մէկ բան ակնյայտ է, որ բանակցութիւններուն մէջ խորամանկութիւններ չկան. քննարկումները շատ լուրջ են եւ վերջին շրջանին զգայլի յառաջընթաց արձանագրուած է», ըսած է ան։
Պրայզա նշած է, որ հակամարտութեան գօտիին վրայ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը՝ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ եղող հարցերէն է։
Վերջերս Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած էր, որ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է հակամարտութեան գօտիին վրայ խաղաղապահներ տեղակայելու շուրջ։ Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հերքած էր այս տեղեկութիւնը՝ վստահեցնելով, որ վերջին երեք տարիներուն խաղաղապահ ուժերու հարցը չէ քննարկուած։