
Չորեքշաբթի, Մայիս 17ին, «Շամլեան» վարժարանի վեցերորդ կարգի աշակերտները մեկնեցան Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ ու առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու պատմական Ոսկեայ գաւառին:
Իրենց եռօրեայ շրջապտոյտին ընթացքին, աշակերտները այցելեցին պետական շէնքեր, ինչպէս նաեւ Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններու, հրշէջներու ու Ճէյմզ Մարշըլի յիշատակին կառուցուած յուշարձաններ, ապա պտոյտ մը կատարեցին «Rose Garden»ի մէջ: Անոնք նաեւ այցելեցին շարք մը թանգարաններ, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի պատմական թաղամասերը եւ այլ պատմական վայրեր:
Ամէն գիշեր, աշակերտները կը հաւաքուէին խառոյկի մը շուրջ՝ կարծիքներ փոխանակելով իրենց այցելած վայրերուն մասին. մէկ գիշեր այցելու դասախօս մը իրենց տեղեկութիւններ փոխանեց Քալիֆորնիոյ ժողովրդային պատմութեանց մասին: