ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան անկախութեան 93 ամեակի տօնակատարութիւն-խրախճանքը տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ Մայիս 27ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Տօնակատարութեան ներկայ էին շրջանիս հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին կողմէ ներկայացուցիչ Մարտիկ Կապուտեան, ընկերակցութեամբ կնոջ՝ Լիզա Կապուտեանի, ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան անդամ Գօգօ Պալեան, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեան եւ յարակից կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւն: Արդարեւ, երեք երիտասարդներ, իրենց վեցամսեայ դաստիարակչական շրջանը աւարտելէ ետք, կատարեցին իրենց դաշնակցականի ուխտը ու նոր աւիւնով մուտք գործեցին «Քրիստափոր» կոմիտէութեան շարքերէն ներս՝ կնքահայրութեամբ Հրայր Սարգիսեանի: Երդման արարողութենէն ետք, Մարտիկ Կապուտեան, յանուն կեդրոնական կոմիտէին, շնորհաւորելով նորագիրները՝ ըսաւ. «Դաշնակցութեան շարքերը մտնել կը նշանակէ՝ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան. կը նշանակէ՝ մտնել հայ ազատագրական պայքարի դաշտէն ներս. կը նշանակէ՝ անդուլ պայքարիլ Հայ Դատի ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար. առանց ընկրկելու մնալ պատնէշի վրայ, որպէս հայ ժողովուրդի հարազատ զաւակ՝ միասնաբար զօրավիգ կանգնելու հայ ժողովուրդի արդար ու անժամանցելի իրաւունքներուն»:
Երեկոյթին խորհուրդին մասին խօսելով՝ ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀԵԴ «Ռոստոմ» ուխտի ատենապետուհի եւ օրուան հանդիսավարուհի Սալբի Սիյահեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը. ան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու ամերիկեան եւ հայկական հիմները:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի միակ հայ անդամ Խաչօ Աչաճեան: Ան նախ իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց ներկայ գտնուելու համար սոյն ձեռնարկին, նաեւ իր պատգամը փոխանցելու ու այդ առիթով շնորհաւորելու համայն հայութիւնը, մասնաւորաբար՝ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ մղիչ ուժը Մայիս 28ի ճակատամարտերուն ու հիմնադիրը Հայաստանի անկախ հանրապետութեան: Ան հակիրճ պատմականը ըրաւ հայ ժողովուրդի վերջին հարիւրամեակի ընթացքին եղած վերիվայրումներուն, 1915-1923ի ընթացքին տեղի ունեցած ջարդերուն ու գաղթականութեան, 1918 Մայիս 28ի սխրալի յաղթանակներուն, ու ապա հայ ժողովուրդի փառապանծ անկախ հանրապետութեան: Խ. Աչաճեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ ամերիկահայ ներկայ երիտասարդ սերունդի քաղաքական միտքի պատրաստման ու ամերիկայի քաղաքական առաջատար դիրքերու մէջ տեղ գրաւման մասին: Ան մասնաւորաբար ըսաւ. «Ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ զօրաւոր ըլլալով է, որ կրնանք զօրացնել մեր դիրքերը ու աւելի ինքնավստահ խօսիլ հայ ժողովուրդին ու Հայ Դատին մասին»:
Շրջանի «Քրիստափոր» եւ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւններու անունով, օրուան պատգամը փոխանցեց «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Խաչիկ Թազեան: Ան մասնաւորելով իր խօսքը Մայիս 28, 1918ի ճակատամարտերուն մասին՝ ըսաւ. «93 տարիներ առաջ, այսօրուան նման օր մը, կամ Մայիս 28ի նախօրեակին, երեւակայենք մենք մեզ Բաշ-Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի ճակատներուն վրայ. Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը, երիտասարդ թէ ծեր, մայրեր թէ քոյրեր, մշակ թէ բանուոր, «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանին հետեւելով՝ դէմ կը դնէր թրքական բարբարոս զօրքերուն: Հայութեան այս փոքր մնացորդացը բռունցք դարձած՝ պաշտպանեց հայրենի հողը, մշակոյթը, կրօնքը, լեզուն ու իր էութիւնը, տեղի չտալով թրքական գերազանց զօրքերուն դիմաց, ու հիմքը դրաւ 600 տարուան ստրկութենէ ե՛տք՝ ազատ ու անկախ Հայաստանին»:
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ գաղութիս սիրուած ասմունքող Մարի Սարգիսեան: Ան արտասանելէ առաջ, իր ուրախութիւնն ու յուզումը կիսեց ներկայ հանդիսականներուն հետ, Մայիս 28ի, Հայաստանի Առաջին անկախութեան հռչակման առթիւ, յիշելով իր հայրը, որ իր հոգւոյն մէջ արձանագրած էր անջնջելի յուշեր եւ իր կեանքը նուիրած էր հայրենիքի ազատագրական պայքարին, Սարդարապատի ճակատամարտին ընթացքին: Ապա ան խոր ներշնչումով ասմունքեց մեծանուն բանաստեղծ Ա. Ծառուկեանի գլուխ գործոցներէն՝ «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը՝ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան «Ռոստոմ» ուխտի անդամները՝ «Գարեգին Նժդեհ-Հուռա» խմբային արտասանութեամբ, եւ Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Արաքս» պարախումբը՝ ներկայացնելով հայկական պարերու շարք մը՝ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ պարուսոյց Նոյեմի Արաքսի ու մենակատարութեամբ Լոռի Այնթապլեանի, Լենա Տաքէսեանի, Նայիրի Գույումճեանի եւ Լիլիթ Մարկոսեանի:
Տօնակատարութեան յայտագիրի աւարտին, որոտընդոստ ծափահարութիւններով բեմ բարձրացան 3 նորընծայ շարքայինները. իբրեւ շնորհաւորա՛նք՝ անոնց լամբակները զարդարուեցան ՀՅԴի զինանշաններով, ձեռամբ Մարտիկ Կապուտեանի:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ խրախճանքով ու հայկական շուրջպարերով: Երեկոն խանդավառեց երգիչ Արթին Պետրոսեանը: Ան իր հրապուրիչ ձայնով ու ազգային-յեղափոխական ճոխ երգացանկով, երեկոն, մինչեւ ուշ գիշեր, պահեց ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ: